Պէյճինկի մէջ կայացած քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները ախոյեան


25-30 յուլիսին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ կայացաւ մարտարուեստի քոնկ ֆու-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը եւ 37 երկիրներէ աւելի քան 3 հազար մասնակիցներու շարքին  Հայ սեւ գօտիներու միութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կազմը տիրացաւ  քոնկ ֆու-ի աշխարհի ախոյեանութեան` պարտութեան մատնելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մարզիկները:

Այս մրցոյթի  մասին Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քեպապճեան «Ազդակ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կըպատմէ հետեւեալը.

 

«Աշխարհի քոնկ ֆուի 3-րդ ախոյեանութիւնն էր ասիկա: Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն երեքական մարզիկներ գացին, ինչպէս նաեւ` երկու մարզիչներ: Անոնք գացին Հայաստանի անունով, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ: Հետաքրքրական է, որ հայաստանցին յաղթեց չինացիին, իսկ ղարաբաղցիին դիմացը յայտնուեցաւ ազրպէյճանցի մարզիկը, որ 37 տարեկան էր, մինչ ղարաբաղցի մեր մարզիկը 19 տարեկան էր: Ըսեմ, որ ասիկա առաջին անգամ չէ, որ մենք ազերիներուն կը յաղթենք նման մրցումներու: Մրցումէն առաջ, երբ խօսեցայ մեր մարզիկին հետ, խնդրեցի, որ ան մէկ հարուածով գետին տապալէ ազերին, որովհետեւ այդ հանգրուանին էր, որ սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձեր կը կատարէր, զինադադարը կը խախտէր: Ըսի ղարաբաղցի մարզիկին, որ տակաւին մեր տղոց արիւնը տաք է, ուրեմն դուն պէտք է տապալես ազերին. ան խոստացաւ եւ այդպէս ալ եղաւ, մէկ հարուածով ազերի ախոյեանը գետին ինկաւ, ճիշդ այդ պահուն հայ մարզիկները հարթակին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշակը պարզեցին` գրաւելով բոլորին ուշադրութիւնը»:

Նշենք, որ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը (ՀՍԳՄ) հիմնադրուած է Մասթըր Կարօ Քէպապճեանի կողմէ 1974 թուականին, Լիբանանի մէջ։ Միութիւնը այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.