Վանի Ս. Բարդողիմէոս Հայկական Եկեղեցին Կիսաւեր Վիճակի Մէջ Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վանի Բաշկալէ գաւառի պատմական Սուրբ Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կիսաւեր վիճակի մէջ կը մնայ:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը նշէ, որ 2013ին, հայկական եկեղեցւոյ տարածքէն զինուորական զօրամասի հեռացումէն ետք, կ՛ակնկալուէին վերակառուցման աշխատանքներ, սակայն ցարդ ոչ մէկ քայլ առնուած է՝ զայն նորոգելու համար։

Թուրքիոյ խորհրդարանի զբօսաշրջային հարցերով զբաղող յանձնաժողովը 2011ին հաւանութիւն տուած էր 13-14րդ դարերու սոյն եկեղեցին վերականգնելու նախագիծին, այդուհանդերձ, այդ որոշումը մինչեւ օրս կեանքի չէ կոչուած:

Ս. Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կառուցուած է Սուրբ Բարդողիմէոսի գերեզմանին վրայ ու մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ օգտագործուած է հայերու կողմէ: Եկեղեցւոյ կից եղած են ժամատուն, քահանաներու տուներ եւ այլ կառոյցներ:

եկեղեցին 1915-էն առաջ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.