Կարսի նահանգապետութիւնը կը նախատեսէ վերականգնել Անիի Մայր տաճարը


«Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք» Անիի մէջ թուրքերը այս օրերուն պեղումներ կ՚իրականացնեն: Քաղաքը, որ կը գտնուի Կարսի նահանգին մէջ,թուրքերը կ՚օգտագործեն զբօսաշրջային նպատակներով:

Թրքական «Մեմլեքէթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն լրագրողներու հետ հանդիպած Կարսի նահանգապետ Կիւնայ Օզտեմիրը յայտարարած է, որ այս տարի կը նախատեսուի Անիի Մայր Տաճարին շուրջ պեղումներու աշխատանքը աւարտել որմէ ետք պիտի  սկսին Անիի Մայր տաճարի վերականգնման աշխատանքները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.