Սիւզի Կենտիկեան Յաջորդ Յաղթանակը Պիտի Նուիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բռնցքամարտի գերթեթեւ ծանրութեան դասակարգի WBA, WBO, WIBF վարկերով աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան յաջորդ մենամարտի յաղթանակը պիտի նուիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Յաջորդ մենամարտն ինձ համար շատ կարեւոր է, քանի որ պատրաստւում եմ յաղթանակի դէպքում այն նուիրել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին: Ես շատ եմ կարեւորում յաջորդ մենամարտս: Դեռ յայտնի չէ մրցակիցս, բայց այն կը կայանայ Նոյեմբերին», յայտնած է Կենտիկեան:

Սիւզի Կենտիկեան մասնագիտական բռնցքամարտով կը զբաղի 19 տարիէ ի վեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.