Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Ծրագիրները Հայաստանի Կառավարութեան 14.7 Միլիոն Տոլար Պիտի Արժեն
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները պատրաստելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը դրամական միջոցներ չի խնայեր` իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին աւելի ճոխ ներկայացնելու համար: Այս մասին Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին հաւաքին մասնակիցներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
«Նախագահին կարգադրութեամբ ստեղծուած յանձնաժողով կայ, բազմաթիւ քայլեր կան, բազմաթիւ ծրագիրներ կան, որոնց համար կառավարութիւնը շուրջ 6 միլիառ դրամէն (14.7 Միլիոն Տոլար) աւելի պիտի ծախսէ: Պիտի փորձենք ներգրաւել բարեգործական ծրագիրներ, որպէսզի ամբողջ բեռը չմնայ մեր պետական պիւտճէին վրայ», յայտնեց վարչապետը:
Յովիկ Աբրահամեան նշեց որ բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ, օտարերկրացի խորհրդարանականներ չեն գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ: Այդ պատճառով կառավարութիւնը պիտի փորձէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները լաւագոյնս ներկայացնել:
«Ատիկա պէտք է մեզի համար նաեւ քննութիւն ըլլայ, մարդիկ պէտք է իրապէս ականատես ըլլան այն պատմութեան, որ եղած է 100 տարի առաջ: Բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ իրական պատկերին ծանօթ չեն, ինչպէս նաեւ Արցախ-Ազրպէյճան տագնապին: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ աւելի շատ հիւրեր գան Հայաստան, իրականութեան քաջատեղեակ ըլլան: Միջոցներ պիտի չխնայենք, որպէսզի աւելի ճոխ ներկայացնենք իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին», ըսած է վարչապետը: