Ուաշինկթըն Խորապէս Մտահոգ Է Կարէն Պետրոսեանի Մահուան Գծով


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ խորապէս մտահոգուած է ատրպէյճանական գերութեան մէջ մահացած Հայաստանի քաղաքացի Կարէն Պետրոսեանի պարագայով, որովհետեւ պնդումներ կան, թէ անոր մահը անբնական պատճառներով եղած է:
«Միացեալ Նահանգները անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնէ Պետրոսեանի ընտանիքին», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ի պատասխան Կարէն Պետրոսեանի գերեվարման եւ սպանութեան վերաբերեալ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին ուղղած հարցումին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ Ատրպէյճան պէտք է միջադէպին վերաբերեալ «ամբողջական եւ թափանցիկ» հետաքննութիւն կատարէ եւ հետաքննութեան արդիւնքը հանրութեան ներկայացնէ:
«Կը յիշեցնենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն իրենց պարտաւորութիւնները, ըստ միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեան, յատկապէս՝ գերիներուն նկատմամբ մարդկային վերաբերմունք ցուցաբերելու յանձնառութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ երաշխաւորելու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մուտքը՝ տագնապին պատճառով ձերբակալուածներուն մօտ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութիւնը՝ միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով Պետրոսեանի ընտանիքին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.