Ցեղասպան Թուրքիան Իրաւունք Չունի Իսրայէլը Մեղադրելու. «Ժերուզալէմ Փոսթ»


ԵՐԵՒԱՆ.- «Նիուզ» լրատու գործակալութիւնը կրճատումներով կը ներկայացնէ «Ժերուզալէմ Փոսթ»ի մէջ հրատարակուած յօդուած մը, որուն հեղինակն է վերլուծաբան Տակլըս Պլումֆիլտ։ Ստորեւ՝ հատուածներ այդ յօդուածէն.
«Թուրքիա քայլ մը եւս առաւ ծայրայեղ Իսլամական պետութեան եւ ահաբեկիչներու հովանաւոր դառնալու ճամբուն վրայ, երբ Էրտողան նախագահ ընտրուեցաւ։ Այս զարգացումը անհանգստութիւն պէտք է պատճառէ Ամերիկային։
Թուրքիա ՆԱԹՕի վաղեմի դաշնակիցն է, սակայն Էրտողանի կառավարման շրջանին, անիկա աւելի մօտ է Իրանին ու իսլամ ծայրայեղականներուն։
Էրտողան Իսրայէլը մեղադրեց Կազայի մէջ «ցեղասպանութեան» դիմելու յանցանքով, իսկ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու Իսրայէլի գործողութիւնները որակեց «ցեղային զտում» եւ «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»։ «Ցեղասպանութիւն» եզրը յայտնուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին եւ ապա 1.5 միլիոն հայերու թրքական ջարդէն ետք։ Հայերու Ցեղասպանութիւնը եւ յոյներու ու ասորիներու զանգուածային սպանութիւնները ցեղային զտումի թրքական քաղաքականութեան մէկ մասն էին։
Երբ Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան մասին բանաձեւ մը կ՛առաջարկուի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը խիստ զայրոյթ կ՛արտայայտէ ու կը մեղադրէ հրեաները։ Թուրք պաշտօնեաներ կը հեռաձայնեն Իսրայէլի կառավարութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ ուաշինկթընաբնակ հրեայ իրաւագէտներու, եւ կը պահանջեն, որ հրէական լոպին արգելք հանդիսանայ հայկական բանաձեւին։
Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, Թուրքիա Օսմանեան կայսրութենէն վերածուած է աշխարհիկ պետութեան մը, իսկ այժմ Էրտողան կը ցանկայ զայն վերածել իսլամական պետութեան մը։
Քոնկրեսը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին ունկնդրութիւններ պէտք է կազմակերպէ։ Հարկաւոր է մանրամասն հետազօտել Էրտողանի կառավարութեան կողմէ ահաբեկիչներու աջակցութիւնը, Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕի վստահելի դաշնակից ըլլալուն պարագան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ վստահելու կամ չվստահելու հարցը՝ ամերիկեան հետախուզական, ապահովական ու արհեստագիտական տուեալները փոխանակելու գծով»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.