Հայկական կողմը Արցախի մէջ անօդաչու սարք (drone) վար առած է


Օգոսոտս 7-ին, հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու անդրադարձան այն մասին, որ Արցախի հիւսիս-արևելյան շրջանի գիւղերէն մէկուն բնակիչներուն փոխանցմամբ՝ հայկական ուժերը չէզոքացուցած ու վար առած են ատրպէյճանական բանակին պատկանող անօդաչու թռչող սարք (drone), որ ինկած է հակամարտ զօրքերու դիրքերուն միջև՝ չէզոք գօտիին մէջ: Ներկայիս հայկական կողմը աշխատանք կը տանի սարքը գտնելու ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ գրասենեակը ցարդ ո´չ հերքած է, ո´չ ալ հաստատած է տեղեկութիւնը։

Նշենք, որ ատրպէյճանական բանակը իր անօդաչու սարքերը գնած է Իսրայէլէն։ 2011-ի Սեպտեմբեր 12-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հակօդային ստորաբաժանումները վար առին իսրայէլեան արտադրութեան Hermes 450 անօդաչու սարք, որ փորձ կը կատարէր հայկական դիրքերը նկարել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.