Արցախեան Ազատամարտի 400 Վեթերաններ Պատրաստ են Մեկնելու Տաւուշի Սահման


 

 

Panarmenian – «Հայաստանի ազատամարտի վեթերաններու միութիւն»ը պատրաստ է կամաւորական խումբերով մեկնելու Տաւուշի մարզի սահման՝ զինուորական հերթապահութիւն իրականացնելու: Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է միութիւնը․

«Նկատի ունենալով վերջին շրջանին ՀՀ սահմանին ու ԼՂՀ սահմանային գօտիին հակառակորդի կողմէ իրականացուող ոտնձգութիւններու աշխուժութիւնը, ՀՀ եւ ԼՂՀ սահմանամերձ շրջաներու անվտանգութեան ապահովման նպատակով «Հայաստանի ազատամարտի վեթերաններու միութիւն»ը  իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ կամաւորական հիմունքներով` 400 ազատամարտիկով, ՀՀ Տաւուշի մարզի մէջ երթ կազմակերպել ու սահմանին վրայ հերթապահութիւն իրականացնել»:

Միութիւնը դիմած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վերոնշեալ առաջադրանքին համար թոյլտուութիւն ստանալու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.