Հադրութէն Կամաւորներ Մեկնած Են ռազմաճակատ
1470
0
ԼՂՀ Հադրութի շրջանի ազատամարտիկներէ կազմուած կամաւորական խումբը, այժմ կը գտնուի ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի առաջնագծին։
Հադրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան կամաւորական խումբի հետ միասին մեկնած է առաջնագիծ։
Yerkir.am-ի հետ զրոյցին Հադրութի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան նշած է, որ հասկնալի պատճաներով շատ տեղեկութիւն չի տար, սակայն նշած, որ ինքը այս պահուն կամաւորական խումբի հետ կը գտնուի դիրքեր։ Կամաւորները եղած են Հադրութի շրջանի Առաքել, Տող, Թաղեր եւ այլ գիւղերէ։