Տիկին Ալիս Նաւասարգեան 100,000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին
1424
0

Տիկին Ալիս Նաւասարգեան՝ դոկտ. Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեաններուն հետ. Դոկտ. Միհրան Աղպապեան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր տնօրէններէն է.
ԵՐԵՒԱՆ.- «Անմահները» գիրքի հեղինակ, բարերար տիկին Ալիս Նաւասարգեան, իր ընտանիքին անունով եւ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Էդուարդ Նաւասարգեանի, հարիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին:
Համալսարանի տնօրէնութիւնը, գնահատելով սոյն նուիրատուութիւնը՝ որոշած է համալսարանի Ուսանողական սրահը վերակոչել Էդուարդ Նաւասարգեանի անունով: Արարատ լերան հայող այս սրահին մէջ ընդհանրապէս կը հաւաքուին ուսանողներ եւ դասախօսներ՝ զրուցելու, ժամանցի կամ ընթերցելու նպատակով: