Արժանթինեան Ֆութպոլի Ակումբը Կը Հրաժարի Ատրպէյճանի Հովանաւորութենէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արժանթինի ֆութպոլի ամենազօրաւոր ակումբներէն մէկը՝ «Աթլեթիքօ Սան Լորենզօ տէ Ալմակրօ»ն, հրաժարած է Ատրպէյճանի հովանաւորութենէն՝ շեշտելով, որ այդ երկիրը մարզանքը կ՛օգտագործէ մարդկային իրաւունքներ ոտնահարելու եւ ցեղապաշտական յայտարարութիւններ տարածելու համար:
Ըստ արժանթինահայ «Փրենսա Արմէնիա» կայքին, Ատրպէյճան, որ արդէն իսկ կը հովանաւորէ սպանական «Աթլեթիքօ Մատրիտ» ակումբը, փափաք յայտնած է նման համաձայնութիւն գոյացնելու «Սան Լորենզօ»ի հետ՝ պայմանով, որ ակումբը իր մարզաշապիկին վրայ կրէ «Էթնիք հայեր գոյութիւն չունին» արտայայտութիւնը, ինչ որ դժգոհութիւն յառաջացուցած է ակումբի ղեկավարութեան մօտ։
Միաժամանակ, տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են ղեկավարութեան հետ, որմէ ետք ակումբը որոշած է հրաժարիլ Ատրպէյճանի քարիւղի գումարներէն։
Այժմ Պաքու այլ ակումբ մը կը փնտռէ, որ յանուն նիւթական շահի՝ ստանձնէ ցեղապաշտական կարգախօսով մարզաշապիկիներ կրելու անպատուութիւնը, ինչ որ խիստ դժուար պիտի ըլլայ յատկապէս Արժանթինի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.