Հայաստանը Կանգնած է Ցած Ծնելիութեան, Ծերացման Խնդիրներու Առջեւ


 

Գայանէ Մկրտիչեան «ԱմերնիաՆաու» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թէեւ մինչեւ 2050 թուականը մոլորակի բնակչութիւնը պիտի ըլլայ 9.3 միլիառ, իսկ դարավերջին այդ թիւը պիտի գերազանցէ 10 միլիառը, Հայաստանի բնակչութիւնը աւելի քիչ պիտի ըլլայ, քան այսօր է՝ 2.3-2.5 միլիոն մարդ։

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Գարիկ Հայրապետեան կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը պայմանաւորուած է ծնելիութեան մակարդակի նուազմամբ ու հասարակութեան ծերացմամբ։ Ըստ անոր, հայաստանեան ընտանիքներուն մէջ երեխաներու միջին թիւը 2 է։ Յառաջիկայ 3 տարիներուն, երեխայ ունենալու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցախոյզի մասնակից հայաստանցիներու միայն 16 առ հարիւրը։ «Սոցիոմետր» անկախ ընկերաբանական կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Ադիբեկեան՝ ներկայացնելով «Մարզերու բնակչութեան բարեկեցութեան վարկանիշը Հայաստանի մէջ» հետազօտութիւնը կը նշէ, որ համաշխարհային ճգնաժամէն ետք՝ վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի բնակչութեան բարեկեցութեան մակարդակը կտրուկ նուազած է։ 

Հարցախոյզը կատարուած է 2014-ի Ապրիլ-Մայիսին, Հայաստանի 81 բնակավայրերու՝ 5000 բնակիչներու մօտ։ Մարզերու եւ Երեւանի մէջ բնակչութեան բարեկեցութեան մակարդակի չափման համար 7 չափանիշեր ընտրուած են՝ տարածքներու բարեկարգումը, համայնքներու վիճակի փոփոխութիւնը, երկրէն արտագաղթելու ցանկութիւնը, դժգոհութիւններու արտայայտման յաճախականութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, գործազրկութիւնը եւ եկամուտները։ Հետազoտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ «բնակչութեան բարեկեցութեան» վարկանիշը ամէնէն ցածը Լոռիի մարզին մէջ է, ամէնէն բարձրը՝ Գեղարքունիքի մէջ։ «Բնակչութեան բարեկեցութիւն» վարկանիշով ստորադասութիւնը հետեւեալն է՝ Սիւնիք, Արմավիր, Արագածոտն, Շիրակ, Արարատ, Կոտայք, Տաւուշ, Վայոց ձոր։ 

Երեւանի մէջ հարցախոյզի մասնակիցներուն 25 առ հարիւրը դրական վերաբերած է երկրի տնտեսական վիճակին, 20 առ հարիւրը՝ աշխատատեղիներու գոյութեան, 32 առ հարիւրը՝ պաշտպանութեան։ Պատկերը այլ եղած է 2013-ին՝ համապատասխանաբար 56 առ հարիւր, 47 առ հարիւր եւ 39 առ հարիւր։ Այն հարցումին, թէ ի՞նչ բանի պիտի դիմէք կենսական խնդիրներու իրականացման համար, քաղաքացիները նշած են՝ զանգուածային ստորագրահաւաք, զանգուածային ցոյցեր, ըմբոստ գործողութիւններ՝ առանց ուժի կիրարկման, ըմբոստ գործողութիւններ՝ ուժի կիրարկմամբ, յեղաշրջում։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.