Ատրպէյճանցի Խափանարարները Հայ Պատանի Մը Սպաննած Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 4 Յուլիսէն ի վեր անհետ կորսուած 17ամեայ Սմբատ Ցականեանին դիակը գտնուեցաւ 15 Յուլիսին։ Պարզուեցաւ, որ ան սպաննուած է ներթափանցման փորձ կատարած ատրպէյճանական խումբին կողմէ։ Դիակը փոխադրուած է Ստեփանակերտ՝ փորձաքննութեան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Նոր Էրքեջի գիւղապետ Արա Յովհաննիսեանը:
16 Յուլիսին Սմբատ Ցականեանի դիակը հողին յանձնուեցաւ Նոր Էրքեջի կից գտնուող Չարէք Տար գիւղին մէջ, ուր կը գտնուի Ցականեաններու ընտանեկան գերեզմանատունը:
Նշենք, որ մօտակայ գիւղերու բնակիչները, նաեւ Սմբատի հարազատները աւելի քան մէկ շաբաթէ անարդիւնք կը փնտռէին տղան: Արա Յովհաննիսեանի համաձայն՝ անոր գտնուած տեղը յստակացած է ձերբակալուած ատրպէյճանցի ներթափանցման փորձ կատարողներուն ճամբով:
«Արդէն որ էդ թուրքերը կային՝ հիմնական կասկածը դրանց վրայ էր», յայտնած է գիւղապետը՝ ի պատասխան «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ արդեօք ատրպէյճանցինե՞րը յայտնած են տեղը իրենց հետ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին:
Նշենք, որ 16 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութիւնը հրապարակած էր հաղորադագրութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ «Ղարաբաղի իրաւապահ մարմինների կողմից ձեռնարկուած օպերատիւ-հետախուզական միջոցառումների արդիւնքում Սմբատ Ցականեանի դին 2014 թուականի Յուլիսի 15ին հրազէնային վնասուածքներով յայտնաբերուել է Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ եւ Մանաշիդ համայնքների յարակից անտառահատուածում»:
Անդրադառնալով ատրպէյճանական կողմէ կատարուած ներթափանցման փորձին եւ պատանիին սպանութեան՝ Նոր Էրքեջի գիւղապետը ըսաւ, թէ չէին ակնկալեր, որ նման բան տեղի ունենայ: Արա Յովհաննիսեանի համաձայն՝ այդ դէպքին լոյսին տակ գիւղացիները այսուհետեւ աւելի զգօն պէտք է ըլլան, եթէ տարածքին մէջ օտար մարդ նկատեն, պէտք է իսկոյն ահազանգեն։
«Մի քիչ շատ էինք մենք մեզ ազատ պահում, սրանից յետոյ պիտի մի քիչ զգոյշ լինենք, էդ ա: Չէինք սպասում էն, ինչ կատարուեց: Հիմա պէտք է զգոյշ լինենք, ուրիշ ոչ մի բան, որ սաղ ժողովուրդը զգոյշ լինի, անծանօթ մարդ տեսնեն միանգամից յայտնեն՝ էս ամէն ինչը կը կանխուի», յայտնած է գիւղապետը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.