95 տարի առաջ «Ծովէ ծով Հայաստան»ի քարտէսը ուրուագծուեցաւ Ուիլսըն-Ահարոնեան-Պօղոս-Նուպար պատմական հանդիպման ընթացքին

\n

\n

Ապրիլ 14ի օրը, 95 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ՝ Պետական եւ Ազգային պատուիրակութեանց նախագահներ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ։

\n

Առաջին Աշխարհամարտը աւարտած էր, իսկ Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսած էր Խաղաղութեան Խորհրդաժողովը, որ ամիսներու վրայ երկարեցաւ, որովհետեւ իր օրակարգին վրայ ունէր յետ-Պատերազմեան աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորելու մեծ խնդիրը։
Յաղթական Դաշնակիցները ուղղակի «պատե- րազմական աւար»ը իրենց միջեւ բաժնելու խօլ մըրցապայքարի մը մէջ էին։
Յատկապէս Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ստանձնած էին Աշխարհամարտի յաղթանակին «պտուղներ»էն առաւելագոյնս օգտուելու եւ իրենց մեծ ու փոքր դաշնակիցներուն ալ աւարէն «փշրանք»ներ բաժին հանելու «պատասխանա- տուութիւն»նը։
Ռուսաստանը վերջ տուած էր իր Ցարական Կայսրութեան եւ ինկած էր մեծ յեղափոխութեան ներքին գալարումներուն մէջ՝ ժամանակաւորապէս մեկու- սանալով նոր աշխարահակարգի ձեւաւորման մեծապետական մրցապայքարէն։
Կայսերական Գերմանիան ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ ակամայ ձեռնածալ նստած՝ կը դիտէր ու կը սպասէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտի համաշխարհային տարողութեամբ յառաջ ընթացող գաղթատիրութեան մրցապայքարը…
Միջազգային բեմահարթակին վրայ յայտնուած էր նոր մրցակից մըն ալ՝ յանձին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որոնք թէեւ ուղղակիօրէն մաս չկազմեցին Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին եւ ծաւալումին, բայց անոր աւարտի փուլին աշխոյժ մասնակցութիւն բերին պարէնով, զինամթերքով, մարդուժով ու տեղահաններու եւ գաղթականներու պատսպարման ու հոգատարութեան ծառայութիւններով։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը եկած էր Փարիզ, ուր շուրջ վեց ամիս մնաց եւ մօտէն հետեւեցաւ ու մասնակից դարձաւ աշխարհի քաղաքական նոր քարտէսի ձեւաւորման տենդոտ բանակցութիւններուն։
Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա պատերազմական գողօնին իրենց միջեւ բաժանումը եւ նոր գաղթատիրութեան հաստատումը գաղափարականօրէն կը դիմայարդարէին փոքր ազգերու ազատա-գրման եւ բռնատիրական լուծերը ժողովրդավարական ու ազատական իշխանութիւններով փոխարինելու գրաւիչ կարգախօսներով։
Այդ առումով՝ Միացեալ Նահանգները բնականաբար յայտնուեցան նման կարգախօսներու դրօշակիրի յառաջապահ դիրքին վրայ։
Ի վերջոյ Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Վ. Ուիլսըն ինքնին ախոյեան մըն էր մարդկայնական վեհ գաղա- փարներու հռչակման ու պաշտպանութեան ասպարէզին մէջ։
Փարիզի Խորհրդաժողովին կարեւորագոյն օրակարգերէն մէկը, եթէ ոչ առաջնայինը, բնականաբար, փլուզուած Օսմանեան Կայսրութեան աւերակներուն վրայ Արեւելքի նոր քարտէսին ձեւաւորումն էր։
Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդը» ոչ եւս էր եւ Մեծն Բրիտանիա ու Ֆրանսա, հիւսիսային Ափրիկէէն մին- չեւ Միջին Արեւելք ու Փոքր Ասիայէն մինչեւ Կասպից Ծով, պէտք է վերադասաւորման ենթարկէին… հին աշխարհը։
Դաշնակից ախոյեաններուն գլխաւոր շահագրգռութիւնը, անկասկած, Սեւ Ոսկիի պաշարներուն վրայ սեփական տիրապետութիւնը հաստատելն էր՝ միաժամանակ բաւարարութիւն տալով դաշ- նակից, այլեւ ազդեցիկ ուժերու ախորժակներուն, ինչպիսին էր մանաւանդ Հրէական Օճախի մը ստեղծման պահանջով Սիոնականութեան եւ Մասոնականութեան աշխուժացումը։
Բայց ո՛վ աւելի իրաւացիօրէն, եթէ ոչ հայ ժողովուրդը ի՛նք ամէն հիմք ունէր ինքնավստահութեամբ իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալու յաղթական Դաշնակիցներուն։ Փաստօրէն թէ՛ Ռուս-Թրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին, թէ՛ Միջին Արեւելքի ռազմաճակատներուն վրայ, Հայ Կամաւորական Գունդերով եւ Արեւելեան Լեգէոնի Հայկական ստորաբաժինով՝ մեր ժողովուրդը քաջաբար կռուած էր Դաշնակիցներու կողքին եւ եկած էր ժամը քաղելու «Փոքր Դաշնակից»ի իր մեծ զոհաբերութեան արդարացի պտուղները։
Պատմաքաղաքական զարգացումներու այս խճանկարին մէջ կը տեղաւորուի 14 Ապրիլ 1919ին կայացած Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միացեալ ու բախտորոշ հանդիպումը Ա.Մ.Ն. նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հետ։
Ա. Ահարոնեան կը գլխաւորէր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, իսկ Պօղոս-Նուպար փաշայ՝ Արեւմտահայոց Համագումարին կողմէ կեանքի կոչուած Ազգային Պատուիրակութիւնը։
Շատ գրուած է եւ վէճերով խճճուած ամբողջ թղթածրար մը գոյութիւն ունի Հայկական Հարցը զոյգ պատուիրակութիւններով մեծապետական աշխարհին ներկայացնելու պատմական այս նախադէպին մասին։ Զոյգ պատուիրակութիւնները իրե՛նք անհարկի եւ ծանրակշիռ իւղ թափած են ազգային երկպառա-կութեան ինքնին թէժ կրակին վրայ։ Պօղոս-Նուպար՝ իր կողքին ունենալով Անդրանիկը, շարունակ յամառեցաւ «Արարատեան Հանրապետութիւն» կոչել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մերժեց ճանչնալ ամբողջ հայ ժողովուրդը ներկայացնելու անոր բնական իրաւունքը։ Մինչ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդի արեւելահայ մտածողութեան դրօշակիրն ու պատգամաբերը՝ Աւետիս Ահարոնեան բնաւ չհաշտուեցաւ արեւմտահայ մտածողութեան այն պնդումին հետ, որուն համաձայն՝ «Ծովէ Ծով Հայաստան»ի ստեղ- ծումն էր նախապայմանը Հայկական Հարցի իրա՛ւ լուծումին։
Բայց յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ ներքին այդ բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ զոյգ պատուիրակութիւններն ու անոնց ետին կանգնած հայկական ուժերը, պատմական այդ բախտորոշ պահուն, կրցան համակարգել իրենց ու- ժերը եւ գործակցաբար ներկայանալ աշխարհի ճակատագիրը վճռող ուժերուն։ Ատենի հայ քաղաքա- կան ղեկավարութիւնը դրսեւորեց ազգային միասնականութեան եւ պետական մտածողութեան անհրաժեշտ մակարդակը, ինչ որ մեծապէս ուսանելի կը մնայ հայ քաղաքական մտքի առաջնորդներուն համար նաեւ մեր օրերուն։
Նախագահ Ուիլսընի հետ Պօղոս-Նուպարի եւ Աւետիս Ահարոնեանի միացեալ հանդիպումը, փաստօրէն, լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ համակարգուած գործելու եւ զիրար լրացնելու պետական հասունութեան։
Հայ ժողովուրդի զոյգ պատուիրակութեանց նախագահները նախապէս՝ 26 Փետրուար 1919ին, Փարիզի Խորհրդաժողովի պաշտօնական նիստին ունեցած էին առանձին ելոյթներ եւ ներկայացուցած էին իրենց պատուիրակութեանց անջատ պահանջները։ Ահարոնեանի ելոյթը կը պահանջէր Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը դէպի Տրապիզոնի եւ Կարնոյ նահանգները, անցնելով Վանի եւ Պիթ- լիսի նահանգներէն, որպէսզի հայ ժողովուրդը ելք ունենար Սեւ Ծովուն վրայ։ Իսկ Պօղոս-Նուպար պահանջած էր Կիլիկիոյ մէջ ստեղծումը Հայկական Օճախի, որ պիտի դրուէր Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան հոգատարութեան տակ։
Զոյգ պատուիրակութեանց առաջադրած լուծումներուն նկատմամբ յաղթական մեծ Դաշնակիցներէն իւրաքանչիւրը անշուշտ ունէր իր ուրոյն դիրքորոշումը։ Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ուղղութեամբ հայոց զոյգ պատուիրակութիւնները ծաւալեցին դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութիւն, որպէսզի մեծապետական սակարկութեանց խոհանոցին զոհ չերթայ Հայկական Իրաւունքին նուիրագործումը։ Իսկ Մ. Նահանգներու նախագահին հետ հանդիպումը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ Խորհրդաժողովը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած էր արդէն իրաւարարի դերը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին վստահելու որոշումին շուրջ։
Պատմական փաստաթուղթերը, պետական արխիւները եւ մասնակիցներու յուշերը կը հաստատեն, որ նախագահ Ուիլսըն ամբողջական համակրանքով ու համաձայնութեամբ ընդառաջեց թէ՛ Ահարոնեանի, թէ՛ Պօղոս-Նուպարի առաջարկած Հայկական Հարցի լուծման տարազներուն։ Խոստացաւ այդ հիման վրայ կատարել իր իրաւարարութիւնը, որուն պսակումը եղան թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ Հայկական Օճախի ստեղծման գաղափարին որդեգրումը, թէ՛ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած պետական սահմաններու միջազգային միակ փաստաթուղթին մշակումը, որ յայտնի դարձաւ «Ուիլսընեան Սահմաններ» անունով։
95 տարիներ անցած են 14 Ապրիլ 1919ի այդ պատմական հանդիպումէն ասդին։
Թէեւ հանդիպումը արդիւնաւորուեցաւ եւ Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրուեցաւ, բայց չգործադրուեցաւ, որովհետեւ պատմութիւնը բոլորովին տարբեր հոլովոյթ արձանագրեց եւ Սեւրի Դաշնագիրը… մնաց սոսկ միջազգային իրաւաթուղթ մը։
Այսուհանդերձ՝ յուշատետրի այսօրուան էջը տեղն է անպայման յիշեցնելու եւ շեշտելու, որ իր ներքին բոլոր տարակարծութիւններով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը ի վիճակի եղաւ – այդպէս ալ պէտք է ըլլայ նաեւ այսօր – համակարգուած ու միացեալ մօտեցումով ներկայանալու աշխարհին, պահանջատէր կանգնելով հայոց ազգային իրաւունքներուն եւ Արդարութեան։

\n

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.