Ցտեսութիւն Պայծառին՝ Տիգրանակերտը իր վերջին հայերէն մէկը կորսնցուց
Կուլիսոր Աքքում «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ կը գրէ, որ Տիգրանակերտի վերջին հայերէն մէկը՝ 87-ամեայ Պայծառ Էքեն Յունիս 23-ին տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ իր մահականացուն կնքած է։
Պայծառին ընտանիքը Հայոց ցեղասանութենէն վերապրած է ապաստանելով Տիգրանակերտի Պիւյիւքքատի գիւղին մէջ ալեւի ընտանիքի մը մօտ։ Պայծառ այդտեղ ապրած է մինչեւ 1950, երբ սկսած էր իր ամուսնոյն հետ ապրիլ։ Ողջ կը մնան անոր ամուսինը եւ երեք քոյրերը։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսք առնելով՝ Պայծառին ամուսինը յայտնեց, որ կիրակի օր երազած է, թէ իր տունը կ՚այրի։ Երազին մասին ոչինչ ըսած է Պայծառին, որովհետեւ չէ ուզած զինք մտահոգել։ Ան նշած է, որ Պայծառի մահով իր տունը իսկապէս մոխիրի վերածուած է։
Պայծառ եւ Սարգիս Ապրիլի վերջաւորութեան իրենց ամուսնական ուխտը վերանորոգած էին, Տիգրանակերտի նորընտիր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի գլխաւորութեամբ արարողութեան մը ընթացքին։
Պայծառ թաղուեցաւ Տիգրանակերտի հայկական գերեզմանատան մէջ։
Քանի մը շաբաթ առաջ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիրներ եւ խումբ մը հայ գրողներ, այցելած են Պայծառին։ Նշեալ շաբաթաթերթը Պայծառի հետ հարցազրոյցը պիտի հրապարակէ հետագային։