Հոլանտայի Օվերեյսէլ նահանգի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը


 

Հոլանտայի Օվերեյսէլ նահանգի խորհրդարանը Յուլիս 2-ին կայացած իր նիստի ընթացքին ընդունեց բանաձև մը, ուր արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը անցնող Յունիս մէկին թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին հանդէպ, որ ուղղուած էր Ալմէլոյի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի դէմ (լուսանկարը): Այդ ցոյցի ընթացքին հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են վիրաւորական արտայայտութիւններ, ուր կոպիտ ձեւով հերքուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Յուլիս 2-ի բանաձևը, զորս ներկայացուցած են Քրիստոնէական միութիւն (CU), Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն (SGP), Ազատութեան համար կուսակցութիւն (PVV) և Քրիստոնեայ դեմոկրատական կոչ (CDA) խմբակցութիւններու պատգամաւորները, կը վկայակոչէ 1915-1918 Օսմանեան ԿայսրութեաՆ մէջ 1,5 միլիոն քաղաքացիներու (հայերու, ասորիներու և պոնտացի յոյներու) ջարդերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.