Սեւան Նշանեանը Լռեցնելու Փորձը Կը Դատապարտուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 16-18 տեղի պիտի ունենայ հայ լեզուաբան, մտաւորական Սեւան Նշանեանի նուիրուած ցուցահանդէս եւ քննարկում մը՝ կազմակերպուած Պողազիչի համալսարանի Ընկերային ծառայութիւններու ակումբին կողմէ, որ Նշանեանի դէմ քայլերը մարդկային իրաւունքներու դէմ բռնութիւն եւ հայազգի մտաւորականը լռեցնելու փորձ կը նկատէ:
Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շիրինճէի մէջ, ուր կը գտնուի Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան պատրուակ դարձած շինութիւնը։ Քննարկումը պիտի կայանայ Պողազիչիի համալսարանին մէջ եւ լուսարձակի տակ պիտի առնէ Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան պայմանները:
Նշանեան 2013ի Դեկտեմբեր 12ին դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան։ Վերջերս սկսած է ստորագրահաւաք մը՝ Նշանեանի բանտային պայմանները բարելաւելու եւ անոր վրայ բանեցուող ճնշումները դադրեցնելու նպատակով: Հիմնուած է նաեւ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» անունով միջազգային մարմին մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.