Նաւարայի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը


Սպանիոյ Նաւարա ինքնավար մարզի խորհրդարանը Յունիս 23-ին  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր  ընդունած է, ուր կ՚ըսուի, որ «դէպքերը, որոնց պատճառով տուժած է հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն են»:

Հռչակագիրը նաեւ կը դատապարտէ այն ժամանակուան թրքական իշխանութեանց քաղաքականութիւնը, եւ Թուրքիոյ կոչ կ՚՚ընէ «դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ եւ կարգաւորել սահմանային վէճը խաղաղ ճանապարհով»: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.