Քեսապի հայկական վարժարաններու վերանորոգման համար՝ 50 հազար Եուրօ


Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցին հրկիզումէն ետք

Հայաստան Հանմահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը կողմէ 50 հազար եուրօ տրամադրեց Քեսապի գրաւման ընթացքին նիւթական վնասի ենթարկուած վարժարաններու վերանորոգման համար։

Ըստ Հայաստանի Հանրային ռատիոյի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Հիմնադրամի նուիրատուութեան գումարը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.