Ազատագրուած Քեսապի մէջ սուրիական բանակը սկսաւ ականազերծման աշխատանքներուն


Յունիս 15֊ին, սուրիական պետական Սանա լրատուական գործակալութիւնը յայտնեց, թէ Քեսապը ամբողջութեամբ ազատագրուած է, իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանակէտը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։

Արաբական լրատուական աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ Reuters, AFP, Xinhua եւ այլ միջազգային լրատուական գործակալութիւններ անդրադարձան լուրին։

Սուրիական պետական հեռատեսիլը հաղորդեց, որ բանակի ականազերծման մասնագէտներու խումբ մը արդէն սկսած է Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած ականներու եւ այլ լարուած պայթուցիկ սարքերու չէզոքացման աշխատանքը։

Նշենք, որ սուրիական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները Քեսապի քաղաքակեդրոն մուտք գործեցին Յունիս 14֊ի երեկոյեան ժամը 9:30֊ին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.