Միջին Արեւելքի Նպաստամատոյցին Բարերարութիւնը Կը Մեծարուի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին Կողմէ


ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցին (Near East Relief) եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան մատուցուած կենսական օժանդակութիւնները մեծարող եւ դրուատող բանաձեւ մը (թիւ 41), որ ներկայացուած էր Ծերակոյտի նորանշանակ նախագահ Քեւըն Տը Լէօնի կողմէ:
Աւելի քան 132,000 հայ որբերու փրկութեան առաջնորդած Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցի բարերարութիւնը չէ սահմանափակուած միայն որբանոցներու հաստատումով, այլ նաեւ կրցած է կենսական նպաստներ ապահովել Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն:
«Կը շնորհաւորենք Քեւըն Տէ Լէօնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր, որ յաջողութեամբ առաջնորդած էր բանաձեւը վաւերացնելու աշխատանքը, որ լուսարձակի տակ կը դնէ աւելի քան մէկ միլիոն հայ որբերու եւ վերապրողներու կենսական օժանդակութիւն հասցնելու Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցին ջանքերը, որոնք այսօր մէկ մասնիկն են Միացեալ Նահանգներու պատմութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Բանաձեւէն օրինակներ պիտի յղուին Միացեալ Նահանգներու գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեան ղեկավարութեան:
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 24ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս բանաձեւը, զոր խորհրդարանին ներկայացուցած էր անոր գլխաւոր հեղինակ ու խորհրդարանի անդամ Իըն Քալտերոնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ արհաւիրքի լուրերը սկսած էին աստիճանաբար ամերիկեան ափեր հասնելու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն կոչ ըրած էր Քոնկրեսին, որ թրքական ջարդերուն զոհ գացող հայութեան օժանդակութիւն հասցնելու միջոցներ գտնէր անմիջապէս: Այս դիմումէն ծնունդ առած մարդասիրական ջանքերը աւելի ուշ մկրտուեցան Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց անունով՝ քաջալերելով ամերիկացիները, որ օժանդակութեան ձեռք երկարեն հայութեան:
Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ բացուած որբանոցներու ցանցով մը կրցաւ փրկել Ցեղասպանութեան ականատես տասնեակ հազարաւոր որբեր՝ շնորհիւ ամերիկացիներու նուիրատուութիւններուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.