Քեսապի ռազմական իրադրութիւնը այսօր


Քեսապի շտապ օգնութեան մարմնի անդամ Կարօ Մանճիկեան Civilnet լրատուական կայքէջի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ վերջերս ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ներկայացուց Քեսապի ռազմական իրավիճակը, քեսապահայութեան սպասումները եւ Լաթաքիոյ մէջ տիրող վիճակը:

Պատասխանելով Քեսապի մէջ ռազմական գետնի վրայ տիրող իրավիճակին մասին հարցումին Կարօ Մանճիկեան յայտնեց. «Ըստ ստոյգ տեղեկութիւններու, բացի Վերի Պաղճաղազ եւ Վարի Պաղճաղազ գիւղերէն, Քեսապի մնացեալ հայկական գիւղերը կը գտնուին զինեալներուն ձեռքը։ Բացառութիւն են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը բլուրներ, որոնք են Սըլտրան կոչուած լեռը, որ Կասիոս լերան բարձրութեամբ լեռ մըն է։ Սուրիոյ կառավարական բանակը կարողացաւ իր նահանջէն ետք յառաջխաղացք արձանագրել եւ վերոնշեալ բարձունքներուն վրայ զետեղել հրետանային կազմածներ եւ ռազմական ուժ։ Սըլտրան լեռը անմիջականօրէն կը վերահսկէ Չալմա շրջանին, որ բնակավայր մը չէ, այլ պարտէզներով եւ այգիներով հարուստ շրջան մը եւ գրեթէ սահմանագիծի վերածուած է։ Անոր մօտ գտնուող Տափասա լերան շրջանին մէջ է, որ ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան մարտերը։ 

Ըստ Կարօ Մանճիկեանի, սուրիական բանակը երկար պատրաստութեամբ կը փորձէ պաշարել շրջանը, որպէսզի նուազագոյն կորուստներով ազատագրէ Քեսապը։ 

Ան այս առնչութեամբ յայտնեց. «կը յուսանք, որ զինեալները՝ օտարամուտ տարրերը, կը հասնին այն եզրակացութեան կամ յուսահատութեան, որ առանց մարտերու կը պարպեն մեր գիւղերը, որպէսզի մեզի խնայուի մեր ունեցած բնակարաններու եւ հարստութեան ոջնջացումը, որովհետեւ զինեալները այնպիսի ձեւով մը պատրաստուած եւ ուղարկուած են, որ տրամադիր են իրենց ետին աւերակ ձգելու։ Կը յուսանք, որ մօտ օրէն կ՚ազատագրուի Քեսապը՝ նուազագոյն մարտերով, խնայելով մեզի նիւթական վնասները, եւ բանակայիններու կեանքի կորուստը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.