Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին Տարածքը Ետ Խլելու Փորձ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուր-քիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդին որոշումով, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկին յանձնուած տարածքը ետ խլելու գործընթաց մը սկսած է Զէյթինպուրնուի թաղապետարանին կողմէ:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն բաղկացած նշեալ թաղապետական խորհուրդը դիմած է դատարան՝ տարածքը վերադարձնելու պահանջով:
Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը, 2013ի Հոկ-տեմբեր 7ի եւ Նոյեմբեր 25ի ժողովներուն ընթացքին կայացած քննարկումներէն ետք, այս տարուան Յունուար 22ին, պաշտօնապէս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկին յանձնած էր հիւանդանոցի շէնքին դիմաց գտնուող 42,259 քառակուսի մեթր տարածքը, որ 1974ին խլուած էր անկէ:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Մայիս 29ին, կրօնական ու աշխարհի հանդիսութիւններով նշուած է Համբարձման տօնն ու հիւանդանոցի հիմնադրութեան 182ամեակը, որ աւանդաբար կը նշուին միասին: Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տեղի ունեցած է երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նախագահած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան։ Այնուհետեւ, ինչպէս նախորդ տարիներուն, «Պիլեք» հանգստարանի յարակից պարտէզին մէջ, հսկայ վրաններու տակ սարքուած է 182ամեայ տարեդարձի սիրոյ սեղանը, նախագահութեամբ Արամ սրբազանին:
Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ներկայացուցած է տարեկան տեղեկագիրը՝ ըսելով, որ 2014ի ամավարկը կը կազմէ մօտաւորապէս 30 միլիոն տոլար։ Ան բացատրութիւններ տուած է հիւանդանոցապատկան կալուածներու վերադարձին մասին ու շնորհակալութիւն յայտնած է շարք մը բարերարներու եւ յատկապէս Օննիկ Փեհլիվանօղլուին, որ ներկայիս հիւանդանոցի մնայուն բնակիչ է եւ մօտաւորապէս մէկ միլիոն թրքական լիրա (մօտաւորապէս կէս միլիոն տոլար) ու Իւմրանիէ թաղամասին մէջ գրեթէ նոյնքան արժող շէնք մը նուիրած է հիւանդանոցին:
Շիրինօղլու նաեւ յառաջիկայ օրերուն աւետիս մը խոստացած է համայնքին՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց հողատարածքին առնչութեամբ։ «Եթէ մեր գաղափարները գործադրութեան դնենք ու ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտին հասցնենք, ապա ատիկա մեր համայնքին փրկութիւնը պիտի ըլլայ», ընդգծած է ատենապետը՝ աւելցնելով, որ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը մրցունակ է երկրէն ներս ու կը գտնուի լաւագոյններու շարքին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.