Լոպպիյինկի համար ի՞նչ գումարներ կը ծախսեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ԱՄՆ-ի մէջ


«Հորիզոն».- Միացեալ Նահանգներու մէջ Լոպպիյինկի (Lobbying) կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու գործունէութիւնը ուսումնասիրող ամերիկեան «Influence Explorer» կազմակերպութիւնը իր կատարած հետազօտութիւններու հիման վրայ պատրաստած է իր տարեկան զեկոյցը, ուր ընդգրկուած են ամենաշատ գումարներ ծախսող երկիրները:

Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար 2013-ին ծախսած է $1,842,614 տոլար, Ատրպէյճանը՝ $2,298,339 տոլար, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ $153,241 տոլար։ Ցանկին մէջ Թուրքիան կը գրաւէ 13-րդ դիրքը, Ատրպէյճանը՝ 10-րդ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ 56-րդ։

Տարեկան հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին, որպէսզի ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները կամ Քոնկրէսը պատուիրատու երկրի մը, առեւտրական հաստատութեան մը կամ կազմակերպութեան մը ի նպաստ դիրքորոշում ունենան:

Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Փոսթա 212» թերթը կը գրէ, նաև, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրքերու իրականացուցած լոպպիյինկի գլխաւոր թիրախը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը խոչընդոտելն է:

«Influence Explorer»-ի զեկոյցին համաձայն, 2014 թուականին Թուրքիոյ կառավարութեան շահերը Ոաշինկթընի մէջ ներկայացուցած են երկու կազմակերպութիւն` «Gephardt Group Government Affairs LLC»-ը և «LB International Solutions LLC»-ը: Նկատի ունենալով, որ 2015-ը Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, սպասելի է, որ Անգարա յաւելեալ մեծ գումարներ ծախսէ թրքական շահերուն սպասարկող լոպպիյինկի համար: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.