ՓՈՒԹԻՆ ԽՐԻՄԸ ԽԼԵԼՈՎ՝ ՔԱՐԻՒՂԻ ՊԱՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ԾՈՎ ՄԸ ՇԱՀԵՑԱՒ


Ուիլիըմ Ճ.Պրոտ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ կը գրէ, որ երբ Ռուսիա Մարտին Խրիմը գրաւեց, ան ոչ միայն խրիմեան հողատարածքը շահեցաւ, այլ նաեւ ստացաւ ծովային շրջան մը, որ բազմաեռիլիոն տոլար արժողութեամ քարիւղի հարստութիւն ունի։

Ռուսիա Խրիմի գրաւումը ներկայացուց, իրբեւ արդարօրէն իրը եղող հողամասի մը վերատիրացում՝ որեւէ նշում չկատարելով քարիւղին եւ կազին, որ վերջերս Սեւ Ծովուն մէջ յայտնուեցաւ։ Սակայն այդ քայլը նաեւ Ռուսիոյ ծովային սահմանները ընդայլնեց՝ առանց աղմուկի Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ առնելով քարիւղի եւ կազի մեծ պահեստները, մեծ հարուած մը հասցնելով՝ ուժանիւթի անկախութիւն ունենալու Ուքրանիոյ յոյսերուն։

Ռուսիա այդ մէկը կատարեց հիմնուելով միջազգային համաձայնութեան մը վրայ, որ պետութիւններուն իրենց ծովափէն մինչեւ 230 մղոն հեռաւորութեան վրայ գերիշխանութիւն կ’ընծայէ։ Նուազ քան երկու տարի առաջ ան ձախողած էր Ուքրանիոյ հետ նոյն հողամասին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մէկ բանբերը յայտնեց, որ Խրիմի Ռուսիոյ կցման եւ ուժանիւթի պաշարներուն գոյութեան միջեւ որեւէ կապ չկայ՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա չէ հետաքրքրուած քարիւղով ու կազով։ Տիմիթրի Փեսքով ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ունեցած պաշարներուն լոյսին տակ այդտեղ որեւէ շահ գոյութիւն չունի։

«Էքսոն Մոպիլ», «Ռոյըլ Տաչ Շել» եւ քարիւղի այլ մեծ ընկերութիւններ արդէն Սեւ Ծովուն մէջ հետազօտութիւն կատարած են, եւ քարիւղի հարցերու կարգ մը վերլուծաբաններ կ’ըսեն, որ նշեալ ծովուն կարողականութիւնը կրնայ Հիւսիսային ծովուն հետ մրցակցիլ։ Վերջինիս պաշարներու շահագործման արշաւը, որ սկիզբ առաւ 1970ական թուականներուն, Բրիտանիոյ, Նորվեկիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու տնտեսութիւնները ոտքի կանգնեցուց։

Ըստ Քոլոմպիա համալսարանէն Ուիլիըմ Պ.Ֆ. Ռայընի Սեւ Ծովուն մէջ ձեռք բերուած տարածքը, Ռուսիոյ տրամադրեց այդ ծովուն ընդյատակեայ քարիւղի պահեստներուն «լաւագոյնը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.