ԻՍՐԱՅԷԼ-ՔՆԵՍԵԹԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ


Իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Խորհրդարանի՝ Քնեսեթի բանբեր Եուլի Էտելշթայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման ժամանակ նշած է, որ իբրեւ Հրեաներ՝ իրենք պէտք է ճանչնան հայ ժողովուրդի կրած տառապանքները, նոյնիսկ եթէ իրենք ոեւէ մէկը ատոր համար չմեղադրեն։ Ան ընդգծած է, որ այդ քննարկումը չի դատապարտեր որեւէ ժամանակակից երկիր։ «Մենք ոեւէ մէկը չենք մեղադրեր, այլ կը գործենք իբրեւ Հրեաներ՝ հաւատարիմ մնալով ճշմարտութեան։ Մենք չենք կրնար մերժել պատմութիւնն ու մարդկային արժէքները՝ մեկնելով դիւանագիտական կամ քաղաքական զգուշութենէն», աւելցուցած է Էտելշթայն։

Իսրայէլեան օրաթերթը կ՚աւելցընէ, որ Քնեսեթի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը ներկայացուցած է Իսրայէլի «Մերէց» ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալ-Օն, որ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղած է մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ճանչնալու զայն։ «Կառավարութիւնը պէտք չէ զոհաբերէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը յանուն ժամանակաւոր շահերու։ Ամէն անգամ դիւանագիտական իրավիճակը տարբեր է։ Երբ մենք կ՚ուզենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, չենք ճանչնար Ցեղասպանութիւնը, սակայն, երբ ի յայտ կու գայ Մարմարայի հարցը, մենք մեր մտքերը կը փոխենք», ըսած է ան։ Ըստ անոր, իբրեւ ողջակիզում տեսած ազգ իրենք չեն կրնար շարունակել անտեսել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։

Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ «Լիքուտ-Իսրայէլը մեր տունն է» քաղաքական միաւորման անդամ Ռեւեն Ռիվլին՝ յիշեցնելով, որ աշխարհը կը շարունակէ Հայերուն հարցին մասին լռել։ «Ինծի համար ծանր է ներել այն ազգերը, որոնք կ՚անտեսեն մեր ողբերգութիւնը, ուստի մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ այլ ազգի ողբերգութեան նկատմամբ։ Ատիկա մեր բարոյական պարտականութիւնն է՝ իբրեւ ժողովուրդ եւ իբրեւ Հրեայ», նշած է Ռիվլին։

Ապա Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի փոխարէն առաջարկին պատասխանած է Զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտաու, որ իր կարգին համակարծիք է Քնեսեթի միւս անդամներուն, որ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հրեաներու բարոյական պարտաւորութիւնն է։

Քննարկման աւարտէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման վերաբերեալ առաջարկը ղրկուած է Քնեսեթի Արտաքին յարաբերութեանց եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.