Շիֆ Ցեղասպանութեան Եւ Քեսապի Հարցերը Կը Քննէ Էրտողանի Եւ Կիւլի Հետ Հանդիպումներուն Ընթացքին


 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միջին Արեւելքին վերա-բերող շարք մը հարցեր քննելու նպատակով Թուրքիա այցելած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական պատուիրակութեան մաս կազմած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան, Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ու հայութիւնը յուզող հարցերը:
Շիֆ Էրտողանի հետ ունեցած իր անջատ հանդիպումին ընթացքին անտրամաբանական նկատած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած՝ որովհետեւ տակաւին հայեր կ՛ապրին Թուրքիոյ տարածքին: Ան շեշտած է, թէ նման խօսք մը համազօր պիտի ըլլար անհիմն այն պնդումին, թէ քանի որ որոշ թիւով հրեաներ վերապրած են Հրէական Ողջակիզումէն ետք, ուրեմն Ողջակիզում տեղի չէ ունեցած: Շիֆ նաեւ հարցականի տակ առած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ 1915-1923ի իրադարձութեանց շուրջ կարելի է ազատ քննարկումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ, մինչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող մտաւորականներ, պատմաբաններ կամ լրագրողներ շարունակ հալածանքի կ՛ենթարկուին ու կը պաշտօնազրկուին:
Կիւլի հետ իր հանդիպման ընթացքին, Շիֆ շեշտած է, թէ իր ընտրատարածքէն ներս ապրող 80,000 հայերէն իւրաքանչիւրը Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ձեւով մը ազդուած է: «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծնողք մը, մեծ հայր կամ մեծ մայր մը, զարմիկ մը, եղբայրներ ու քոյրեր, կամ նոյնիսկ ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած է: Անոնց ցաւը իրական է ու վէրքը տակաւին բաց կը մնայ: Ասիկա (Ցեղասպանութիւնը) պատմութեան պատկանող յոյշ մը չէ միայն: Երբ դուք կամ վարչապետը կը յայտնէ, թէ հայերու նման թուրքերն ալ վնասներ կրած են, ապա ասիկա համազօր է ըսելու, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերմանացիներն ալ տուժած են: Ճիշդ է, որ մեծ թիւով գերմանացի քաղաքայիններ սպաննուեցան, բայց այդ իրողութւնը ոչ մէկ կերպով կը նուաստացնէ կամ կրնայ պատճառ դառնալ Ողջակիզման ուրացման: Նոյն տրամաբանութեամբ, կարելի չէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս՝ որովհետեւ մեծ թիւով թուրքեր մահացած են: Կ՛ըսէք, թէ պատմական յանձնաժողով մը պէտք է հաստատուի Ցեղասպանութեան դէպքերը հաստատելու համար, սակայն նման առաջարկ մը համազօր է ըսելու, թէ յանձնաժողով մը պէտք է հաստատուի՝ Ողջակիզման պատմական իրականութիւնը հաստատելու համար», Կիւլին ըսած է Շիֆ:
Ան նաեւ քննած է Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ստեղծած հարցը, ինչպէս նաեւ փոքրաթիւ քեսապահայերու Թուրքիա տեղափոխման հարցը, միաժամանակ կոչ ըրած է Անգարայի իշխանութեանց, որ Արցախի տագնապի լուծման բանակցութիւնները անջատեն Հայաստանի դէմ իրենց պարտադրած շրջափակումէն, որպէսզի կարելի ըլլայ առնուազն Թուրքիա-Հայաստան առեւտրական յարաբերութիւնները բնականոնացնել:
«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Շիֆին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման հարցը ուղղակի քննարկման նիւթ դարձուցած է Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ՝ արդարութիւն եւ իրականութեան բացայայտում պահանջելով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.