ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

\n \n

Մայիս 5 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը պատասխանէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութողլուի յայտարարութիւններուն:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «1915-ի դէպքերուն» մասին յայտարարութիւններ կատարեցին։ Առաջին հայեացքով այդ յայտարարութիւնները կը թուին ըլլալ թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու առումով կարեւոր քայլեր, սակայն իրականութեան մէջ անոնք թրքական կառավարութեան կողմէ փորձ մըն են Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ որեւէ դրական երկխօսութիւն կասեցնելու։ 

Թէ՛ վարչապետ Էրտողան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կը յայտնեն, որ հայերն ու Հայաստանի հանրապետութիւնը այս յայտարարութիւնները պէտք է օգտագործեն իբրեւ 1915-ի իրադարձութիւններուն շուրջ քննարկումներ սկսելու առիթներ։ Հայ ժողովուրդը թուրք ժողովուրդին հետ թրքական կառավարութեան ուրացման կեցուածքին հիմամբ երկխօսութեան մէջ մտնելու յաւելեալ առիթներու պէտք չունի։

Նշեալ դէպքերուն 90-ամեայ ուսումնասիրութիւնը բոլոր մասնագէտներուն մղած է եզրակացնելու, որ 1915-էն 1923 տեղի ունեցածը օսմանեան կառավարութեան եւ անոր իրաւայաջորդին կողմէ հայ ժողովուրդը Անատոլուէն բնաջնջելու կազմակերպուած փորձ մըն էր։ Պատմաբաններու անկախ յանձնախումբեր ստեղծելու առաջարկները Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ խաղ մըն են՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ ժամանակ շահելու եւ այս նիւթին շուրջ աշխատանք տանող տասնեակներով պատմաբաններու, ներառեալ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ, աշխատանքը կանխարգիլելու համար։

Ուսումնասիրութեան ժամանակաշրջանը շատոնց անցած է։ 1919-ին, մինչեւ իսկ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ղեկավարներու թրքական ռազմական դատավարութիւնները եզրակացուցած էին, որ հայ ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցածը մարդկութեան դէմ ոճիր է։ 1920-ական թուականներուն բոլոր արեւմտեան կառավարութիւնները յստակօրէն ճանչցան, որ օսմանեան կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը բնաջնջելու փորձ կատարած է։ 1940-ական թուականներու Ռաֆայէլ Լեմքին հայ ժողովուրդին ճակատագիրը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը սահմանելու համար։

Եթէ թրքական կառավարութիւնը հայ ժողովուրդին հետ հաշտութեան իր ջանքերուն մէջ անկեղծ ըլլար, Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու համար շօշափելի քայլերու պիտի դիմէր։

Այդ քայլերու շարքին են ջնջել թրքական քրէական օրէնսգիրքին 301-րդ յօդուածը, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան քննարկումը քրէական յանցանք կը նկատէ, դատի ենթարկել թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքը սպաննողները եւ վերջ տալ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ շրջանը գրաւած ծայրայեղական խմբաւորումներուն ամէն աջակցութեան։

Աւելին, թրքական կառավարութիւնը կրնայ վերջ տալ պատմականօրէն հայերով բնակուած Փոքր Ասիոյ շրջանին մէջ մշակութային ցեղասպանութեան 90-ամեայ արշաւին։ Մինչեւ օրս, հայկական եկեղեցիներ կամ մզկիթներու վերածուած են կամ ալ իբրեւ ախոռ օգտագործուած են, հայկական յուշակոթողները կը քանդուին կամ իբրեւ թրքական կ՚իւրացուին, թանգարաններու ու զբօսաշրջիկներու գրքոյկներուն մէջ տարածաշրջանի պատմութիւնը կը վերաշարադրուի հայերու ներկայութիւնն ու պատմութիւնը ամբողջովին անտեսելով։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ այն օրը, երբ Հայաստանը, հայկական սփիւռքն ու Թուրքիան կրնան միասնաբար քննարկել Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցը։ Այդ օրը պիտի գայ, հակառակ վարչապետ Էրտողանի միջազգային ընտանիքն ու իր ժողովուրդը ապակողմնորոշելու փորձերուն։

Մինչ կը մօտենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին՝ միջազգային ընտանիքը եւ Գանատան պէտք է հաստատ մնան Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն եւ ատկէ անմիջապէս ետք հայերուն պատահածը աւելի լաւ հասկնալու թուրք ժողովուրդին անկեղծ ջանքերու իրենց աջակցութեան մէջ։ Գանատան պէտք չէ արտօնէ, որ վարչապետ Էրտողանի կեղծաւոր ցաւակցութիւնը եւ պատմական յանձնախումբերու թունաւոր առաջարկները մեզ շեղեն գործակցելէ թրքական հասարակութեան մէջ այն տարրերուն հետ, որոնք իրապէս ճշմարտութեան կը ձգտին։

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ գանատական կառավարութեան ջանքերը թրքական կառավարութեան գրաքննադատութեան դէմ պայքարելու եւ մամլոյ ազատութիւն ջատագովելու, որպէսզի թուրք ժողովուրդը օր մը իր պատմութիւնը հասկնայ եւ կարողանայ Հայոց ցեղասպանութեան եւ իրենց հասարակաց պատմութեան յաջորդ էջը գրելու շուրջ հայ ժողովուրդին բաց քննարկում կատարել։

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.