Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրի Բացակայութիւնը Վիրաւորանք` Աւստրալիոյ Հայ Համայնքին Նկատմամբ
Հակառակ երկրի ղեկավար, Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպոթի «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն խուսափելուն, դաշնակցային խորհուրդի անդամ Ճօ Հոքի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը:
«Մենք այսօր հաւաքուած ենք յարգելու ցեղասպանութեան ժամանակ կոտորուած մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակը: 1915 թուականին ցեղասպանութիւն բառը գոյութիւն չունէր, սակայն օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերուն հետ տեղի ունեցածը այլ բառով կարելի չէ բնութագրել: Հայկական բոլոր ընտանիքները, որոնք փախած են, անոնց ալ նոյնպէս կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ահա թէ ինչու ես կ՛այցելէի Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ասիկա իմ հասարակական կեանքի ամէնէն զգացմունքային փորձառութիւնն էր», նշած է Հոքի:
«Այս յայտարարութիւնը պարզ վկայութիւն է այն մասին, որ կան ընտրուած իշխանութեան ներկայացուցիչներ, որոնք կը ցանկան Աւստրալիոյ բարոյական «կողմնացոյցը նաւարկել» ճիշդ ուղղութեամբ: Աւստրալիա բարոյական պարտք ունի ճանչնալու եւ դատապարտելու մարդկութեան դէմ այս ծանրագոյն ոճիրը: Դժբախտաբար Աւստրալիոյ կառավարութիւնը թոյլ կու տայ, որ իր այսպէս կոչուած դաշնակից Թուրքիան զինք շանթաժի ենթարկէ եւ լռեցնէ», նշեց Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու Վաչէ Ղահրամանեան:
Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպոթ ամէն տարի կը միանայ հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուող Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն եւ կը կատարէ համապատասխան յայտարարութիւններ: Այս տարի ան խուսափած է այս բոլորէն: Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ նամակ յղած է վարչապետին` վրդովում յայտնելով սոյն փաստին առնչութեամբ:
Յանձնախումբի պատասխանատու Վաչէ Ղահրամանեան նամակին մէջ նշած է հետեւեալը. «Այս հաղորդագրութիւնը վիրաւորանք կ՛արտայայտէ հայ-աւստրալիական համայնքին նկատմամբ Հայոց ցեղասպանութեան բառէն խուսափելու առնչութեամբ: Համայնքը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ ոչ թէ, ինչպէս ձեր նամակին մէջ նշուած է, «Հայկական ոգեկոչման 99-րդ տարելիցի», այլ` «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 99-րդ տարելիցի» առիթով»: