ՔԵՍԱՊ, ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԷՆԷՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԵՐ ԵՏՔ
\n
\n
\n
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի տեղեկագրական յօդուածը, ուր կը ներկայացուին Քեսապի դէպքերուն հետ առնչուող առկայ խնդիրները։
\n
\n
Այսօր Ս. Զատիկէն երկու շաբաթ ետք, 40 օրեր կ’ընեն որ քեսապահայութիւնը տեղահանուած է իր տուներէն եւ ապաստանած Լաթաքիա եւ այլուր:
\n
Քառասունքի հաշուեյարդար:
\n
Տարիներէ ի վեր , սերունդներու աշխատանքը , իր նիւթական եւ հոգեւոր հարստութիւնը թողուց թուրքին, դաւով արշաւած հազարաւոր զինեալներու եւ թրքական թնդանօթներու հարուածներուն դիմաց անզօր՝ քեսապահայութիւնը լքեց իր պապենական հողը եւ քալեց դէպի հարաւ:
\n
Ի՞նչ էր անոր կորուստը:
\n
1915-ին մէյ մը եւս նահատակուած եւ մի քանի տարի ետք վերստին յարութիւն առած՝ քեսապցին, անդուլ աշխատանքով , բնութեան եւ կեանքին դէմ պայքարելով , վերստին շինած էր իր գիւղը:Անցնելով երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի արհաւիրքներէն , շատ համեստ ու ժուժկալ կեանք մը վարելով , ան կրցած էր վրայ-վրայի գումարել համեստ հարստութիւն մը : Դրամ չէր անոր հարստութիւնը այլ՝ իր մշակած պարտէզները : Տասնեակ տարիներ աշխատելով , հասցուցած էր պտղատու ծառեր եւ հազիւ թէ անոնց բերքը քաղած , եւ տասնեակ տարիներու բերքի աւելցուքներէն հաւաքած խեղճ գումարներով , վերակառուցած էր իր բնակարանը:
\n
Տասնեակ տարիներ աշխատած էր ,որ բարեզարդէ եւ պայծառացնէ Աստուծոյ տունը: Ի՞նչ զրկանքներով կրցած էր փշրանքներ հաւաքել, պոկելով փշրանքները իր զաւակներուն բերանէն, տալու համար իր եկեղեցւոյ բարեզարդումին , այնտեղ ուր ինք փառք պիտի տար Հայ Աստուծոյն , որ իրեն պարգեւած էր այն ինչ որ փափաքած էր:
\n
Տասնեակ տարիներ տքնաջան աշխատած էր , որ իր որդին կարենայ ուսանիլ , կամ բարձր ուսման հասնիլ: Անշուշտ , որ իր ճակտի քրտինքով կրցած էր օգնել , որ ընդարձակուի , բարեզարդուի գիւղին ծխական վարժարանը: Յաջողած էր, հեռուն , պանդխտութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն օժանդակութեամբ ունենալ իր միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանը , ապա նաեւ վերակառուցած ու պայծառացուցած եկեղեցիները:
\n
Տասնեակ տարիներու զրկանքով հազիւ կրցած էր մեքենայացնել իր գիւղատնտեսութիւնը : Շաղախելով գիտութեան բարիքները իր քրտինքին , կրկնապատկելու համար իր բերքը, եկամուտը, յաջողած էր ոտնատեղ մը ունենալ զբօսաշրջիկութեան մարզին մէջ, վարձու տալու նպատակով՝ յարմարաւէտ տնակ մը շինելով:
\n
Եւ վերջապէս , բազմատասնեակ տարիներ պայքարելով , յաջողած էր Քեսապին տալ գեղեցիկ տեսք, փայլուն անուն , ջինջ մթնոլորտ աշխարհին պարտադրելով սէր ու յարգանք:
\n
Յաջողած էր բարձրացնել 1500 փոքր ու մեծ տուն ու տնակ , ուր սուրիացին բարձրացուցած էր մօտ 25 հազար առանձնատուն ու յարկաբաժին , որոնց բարոյական իմաստը շատ գերվեր է անոր նիւթական արժէքէն, որոնք գիւղին տուած էին լայնագիծ , հիւրընկալ դիմագիծ , սիրոյ օրրան , որպէս սուրիական ամբողջական հայրենիքի մանրանկար:
\n
Եւ յանկարծ կը սկսէր ներքին պատերազմը: Կը սկսէր սուրիական հայրենիքի տրորումը , աշխարհի գերտէրութիւններու բարբարոսական , հեթանոսական բագինի վրայ : Քաղաքներ- աւաններ փուլ կու գային . ե՛ւ գաղթականութիւն… ե՛ւ տարագրութիւն….
\n
Եւ Քեսապը որպէս մէկ մասնիկը Սուրիոյ հրակէզ անապատին, կը նմանէր Ովասիսի մը , ուր իրենց ապաւէնը կը գտնէին ոչ միայն սուրիահայ , այլեւ սուրիացի աւելի քան 500 ընտանիքներ, որոնք ցրտաշունչ Քեսապի տաքուկ գրկին մէջ կը պատսպարուէին, փախչելով այլ քաղաքներու կործանումէն ու ստոյգ մահէն , եւ երբեք չէին կարծեր թէ թուրքին դաւը, կամ աւարի , աւարի եւ արեան ծառաւը, զիրենք պիտի հալածէր ու քշէր Քեսապէն:
\n
Այդ դաւէն մազապուրծ ազատած քեսապահայութիւնը տուած է նահատակներ թուով չորս , որոնցմէ մէկը 22 ամեայ հայորդի մը. Այժմ յառաջացած տարիքի եօթը հայրենակիցներ այնտեղ մնացած են : Նուազագոյն վնասով Լաթաքիա հասած ժողովուրդին մեծ մասը բաժնուած է հարազատներու, բարեկամներու մօտ. Փոքր մաս մը ( 60 ընտանիք) մեկնած Լիբանան ( Պէյրութ եւ Այնճար), մօտ 130 հոգի չունենալով ապաստանելու որեւէ հնարաւորութիւն , օթեւան գտած են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ , եւ որոնց ամէն օր կը տրուի բաւարար սնունդ:
\n
Պատմութիւնը ինքզինք վերակրկնած է տարիներ ետք, երբ Ատանայի կոտորածին, քեսապահայութիւնը դարձեալ ապաստանած էր նոյն քաղաքի , նոյն եկեղեցին, ստանալով նոյն ջերմ խնամքը քաղաքի բնակիչներէն, երբ Օսմանեան թուրքերը հրկիզած էին Քեսապը:
Այժմ ինչպէս գնահատանք տալ անցնող մէկ ամսուայ տարագրեալ կեանքին:
\n
Քեսապահայութիւնը հազիւ Լաթաքիա ոտք կոխած , անոր օգնութեան հասան Լաթաքիոյ Ազգային կառոյցները (Թաղական խորհուրդ, Շտապ Օգնութեան Մարմին, Պատկան Մարմին, ՍՕԽաչի եւ ՀԲԸՄի մասնաճիւղեր…) , ինչպէս նաեւ Սուրիական Հայրենիքի Ընկերային հարցերու նախարարութեան, Սուրիական Կարմիր Մահիկի, Միջազգային Կարմիր Խաչի եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ խնամատարական խումբերը, համապատասխան օժանդակութիւններով ( կենցաղային, բնակեցման, բժշկական ….. եւայլն) , որոնց բաժանումը երկու ծաւալով տեւեց մօտ 6 օր , որպէս նախ շտապ օգնութիւն , ապա մէկ ամսուայ պարէն ու պաշար:
\n
Իրարայաջորդ կերպով օժանդակութեան հասան Յոյն Կաթողիկէ , Յոյն Մարօնի, Աւետարանական Մկրտչական , Աւետարանական Նազովրեցի եկեղեցիները, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը , սննդամթերքի եւ պարէնի սնտուկներով: Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Ծովափի ( Քեսապի եւ Լաթաքիոյ միացեալ) Գործադիր Մարմնի ճամբով ժողովուրդին հասան զանազան մեծ ու փոքր սնունդի նպաստներ, Սուրիոյ եւ Լաթաքիոյ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն անխտիր:
Վերոյիշեալ կենցաղային նպաստները ժողովուրդին բաժնուելով անոր ընծայած են սնունդի ապահովութեան գրաւական եւ երաշխիք կարճ ժամանակուայ մը համար, որ կը նպաստէ անոր հոգեկան իրավիճակի մեղմացման:
\n
Ասոր զուգահեր կը շարունակուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ ապաստանած ժողովուրդին սննդարար ճաշի մատուցումը:
Նիւթական նպաստ հասած եւ յատկացուած է ժողովուրդին ( հազիւ մէկ ամսուայ բաւարար).
\n
Ա.) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն նիւթական յատկացում որպէս անմիջական գրպանի ծախս:
Բ.) ՍՇՕՎ Ծովափի Գործադիր Մարմինէն:
Գ.) Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միութենէն:
Դ.) Լոս Անճելոսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութենէն:
Ե.) Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութենէն:
Զ.) Ֆրանսահայ « Երկիր եւ Մշակոյթ» միութենէն:
\n
Նիւթական նպաստներ հասած են եւ իր ատենին գործածելի ՍՇՕՎ Ծովափի Գործադիր Մարմինին մօտ եւ կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դրամատան քեսապցիներու յատուկ հաշիւին մէջ պահ դրուած են , ստորեւ յիշուած կողմերէն՝
\n
- Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէէն:
- Ա.Մ.Էմիրութիւններու քեսապցիներէն :
- Գաթարի Ազգային Վարչութենէն:
- Լոս Անճելոսի Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինէն:
- Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամէն:
\n
\n
\n
\n
\n
Նաեւ այլ փոքր եւ անհատական զանազան նիւթական նպաստներ:
Վերոյիշեալ թուարկումէն ետք հարց կը ծագի բնականաբար , թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ նախ քեսապահայութեան ճակատագիրը : Ի՞նչ են անոր ձգտումները: Ի՞նչպէս եւ ո՞ւր պիտի վերապրին: Իրեն համար հանգանակուած եպ հանգանակելի կամ խոստացուած գումարները ինչպէս պիտի գործածուին, ինչպէս պիտի վերականգնեն զայն եւ վերապրեցնեն…. եւայլն:
Անպայման որ շատ են հարցերը: Պիտի փորձենք միամսեայ այս հանգրուանին հնարաւոր չափով պատասխանել վերոյիշեալ եւ այլ հարցադրումներուն:
\n
Այսօր Լաթաքիա թէ այլուր հաստատուած քեսապահայութիւնը, անխտիր , մեծով պզտիկով , մէկ ու միայն մէկ տենչ եւ երազ ունի՝ անպայման Քեսապ վերադառնալ, եթէ ապահովական եւ այլ պայմանները ( որոնք քեսապցիներէն կախեալ չեն ) թոյլ տան՝ ամենաշուտ պարագային:
Վերոյիշեալը , բնազդաբար որդեգրուած , մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ արմատացած , քեսապցիին տրամաբանական եւ իրապաշտ դիրքորոշումն է:
Կիլիկիոյ պատմական թագաւորութենէն մնացած այս փոքրիկ եւ վերջին պատրիկը՝ Քեսապը, իր մէջ կը խտացնէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Կաթողիկոսութեան փառքին, նիւթեղէն, հոգեղէն, մշակութային , պատմական եւ բարոյական հարստութիւնը: Իսկ Քեսապ վերադառնալու համոզումը քեսապահայութեան ամենաբնական դրսեւորումն է , իր ազգային գիտակցական թէ անգիտակցական բնազդին:
\n
Հայ ազգին պատկանելիութեան արտայայտութիւնն է, իր պատմական հողին վրայ , իր կեանքը շարունակելու տենչը, որպէս ազգային հաւաքականութիւն, որ ունէր ազգային անսպառ հարստութիւն եւ հեռանկար ու տեսիլք:
Այնտեղ իր գոյատեւելը ինքնանպատակ չէ: Ան որպէս սուրիացի քաղաքացի , որպէս հայ, իր բարոյական եւ օրինական իրաւունքն է, բայց նամանաւանդ ,որպէս լիիրաւ քաղաքացի հողին , հայրենի եւ պապենական հայրենիքի կառչած մնալու պարտաւորութիւնն է. Այնտեղ ուր կուտակած է իր ամբողջ « էութիւնը »: Արդէն կառչելու այդ կամքը յաղթանակ է, զինք արմատախիլ ընելու վերջին փորձը կատարած թուրքին դէմ: Նոյն այդ թուրքին ,որ հանուն իր հայաջինջ ազգային ուխտին եւ պանթուրքական –թուրանական ծրագիրներուն մէյ մը եւս տրորեց քեսապահայութեան օրրանը:
\n
Վերադարձէն տարբեր ճակատագրի չի հաւատար ու դաւանիր այսօրուայ վտարանդի քեսապցին:
\n
Սակայն ինչպէ՞ս վերադառնալ:
\n
Կը յուսանք որ չ’ուշանար այդ սրբազան պահն ու ժամը: Կասկած չ’ունինք, որ պիտի գայ ան: Սակայն դժուարութիւնը կը կայանայ մինչեւ իր կործանած ու փոշիացած տնտեսութիւնը վերականգնելու պահը, գոյատեւելու եւ ապրելու հնարաւորութեան մէջ:
\n
Քաջատեղեակ ենք , թէ Քեսապը աւարի տրուած է: Տուները, գործատեղիները , ենթակառոյցները, դպրոցները , եկեղեցիները եւ ամէն տեսակի եկամտաբեր տնտեսական հաստատութիւնները փոշիացած եւ կողոպտուած են : Կը յուսանք , որ թէժ մարտերու միջոցաւ չէ որ չիրագործուիր ազատագրումը Քեսապի , որ կը խնայէ շէնքերուն քանդումը: Մի քանի ամսուայ բացակայութիւնը, անցնող եւ գալիք ամիսներուն պարտէզները , խոպանի եւ անտառի կը վերածեն զանոնք, գիւղացին զրկելով մօտալուտ թէ հեռակայ բերքահաւաքի զանազան հանգրուաններէն ( բանջարեղէն եւ մերթ ընդ մերթ հասնող պտղատեսակներ): Իսկ եթէ բախտի բերմամբ բերքերէն փշրանքներ մնացած ըլլան, անոնք զանազան վարակներու եւ անխնամութեան պատճառաւ անօգուտ եւ անարժէք պիտի ըլլան գիւղացիին:
\n
Այսինքն, Քեսապցին, այժմէն արդէն զրկուած է իր գիւղատնտեսական բերքէն, եկամուտէն. գոնէ մէկ տարուայ իր ապրուստի ամէն հնարաւորութիւններէն : Ուրեմն մէկ տարուան եւ աւելի կենսական դժուարութիւնները Կասիոս լերան բարձրութեան չափ ցցուած պիտի ըլլան իր դիմաց:
\n
Քեսապցիին գիւղատնտեսութիւնը վերականգնելը ժամանակի կը կարօտի:
\n
Կողոպտուած են իր թրաքթէօրը, դեղեր սրսկելու սարքերը, հողը ճանկրտող փոքր թրաքթէօրը, ջրելու փոմփերը , գիւղատնտեսական վարակներուն դէմ պայքարելու անհրաժեշտ դեղօրայքը եւայլն…..
\n
Վերականգնելու կարօտ են արհեստանոցները, ատաղձագործարան, ալիւմինի կահ-կարասիքի արհեստանոց, դարբնոց , մեքենաներու եւ թրաքթէօրներու նորոգման արհեստանոցներ….
\n
Վերականգման կարօտ են ազգային կրօնական իր կառոյցները,ակումբները, ժողովրդային սառնարանը, պանդոկներն ու ճաշարանները, կազդուրման կայանները, բանակավայրերը…
\n
Եւ ուրիշ շատ ու շատ բաներ որոնք երեւան պիտի գան երբ ան վեր բարձրանայ:
Բայց ամենակարեւոր եւ սրտաճմլիկ ու փշոտ հարցը , մինչեւ վերականգնում ինչպէս ապրելու եւ գոյատեւելու մղձաւանջն է:
Վերը թուեցինք արդէն որ շտապ օգնութեան, համայն հայութեան նպաստներուն մէկ կարեւոր մասը հասած է Լաթաքիա :
\n
ՍՇՕՎ Քեսապի Գործադիր Մարմին եւ ժողովուրդին: Մէկ այլ մասը Անթիլիաս՝ Կաթողիկոսարանի քեսապահայութեան համար յատուկէն դրամատան հաշիւին մէջ, մէկ միւս մասն ալ զանազան գաղութներէն շուտով կը հասնին ուր որ անկ է: Բայց ասոնք հազիւ թէ երկու –երեք ամսուան բաւարար ըլլան: Մէկ տարի ապրելու գոյապայքարը ցցուած է քեսապցիին առջեւ:
\n
Քեսապահայութիւնը ինքնավստահ է , որ առանձինը չէ վերաբնակեցման իր պայքարին մէջ : Երախտապարտ է իր հեռաբնակ ամէն հայ եղբայրներուն: Երախտապարտ է նաեւ Սուրիական Կառավարութեան ցարդ առած եւ առնելիք քայլերուն: Անշուշտ նաեւ պարտի երախտապարտ ըլլալ այն հեռակայ պետութիւններուն , որոնք անկախ Սուրիան վերականգնելու ծրագիրներէն , այժմէն կը լսենք արդէն որ Քեսապի վերականգման գծով նախաքայլերու ձեռնարկած են:
Այս ամէնը միայն յուսադրիչ եւ ամրապնդիչ դրսեւորումներ են, որոնք անպայման կարելի է իրագործել ոյժերը ի մի բերելով:
\n
Այսօրուայ տուեալներով քեսապահայութիւնը այս ի վիճակի է նախ մշակելու իր գիւղին մէջ մէկ տարուայ կենսական գոյատեւման եւ ապրուստի որեւէ ծրագիր, նոյնպէս ատակ է ծրագրելու տնտեսութեան վերականգնումի ծրագիր, մեկնելով աղէտին իսկական տուեալներէն:
\n
Քեսապցին ատակ է գործադրելու այդպիսի որեւէ ծրագիր : Ատակ է համադրուած եւ հետեւողական ճիգերով ոչ միայն մէկ տարի քաշքշելու իր գոյութիւնը , այլեւ վերականգնելու իր գիւղատնտեսութիւնը , խանութներն ու արհեստանոցները, ենթակառոյցները եւ ազգային թէ կրօնական իր հաստատութիւնները:
\n
Հետեւողականօրէն իրեն հասնելիք նպաստները, հաւաքական ճիգերով ան ի վիճակի է արդարօրէն , հաւասարապէս համադրելու , իր տէրերուն հասցնելու եւ զայն յոյսի, կեանքի, եւ լոյսի վերածելու:
\n
Սակայն, իր հասողութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող մարդասիրական, օժանդակութեան եւ մանաւանդ իր տնտեսութեան վերականգման նպաստող կողմերու իր հասողութիւնը այդ տեսակի հաստատութիւններուն, իր կարողութենէն վեր է:
Արեւմտեան աշխարհին՝ Քեսապին նպաստելու անոնց նպաստները ի մի բեռելու , պահպանելու եւ վերականգնումի օժանդակելու կողմերը ( տնտեսութեան թէ բնակարաններու ) ի մի բերելը համահայկական կեդրոնացեալ եւ համադրեալ ճիգ կը պահանջէ:
\n
Սուրիական մեր հայրենիքի տնտեսութեան շրջափակումը ( Հայաստան Հայրենիքին նման) , մեզի զրկած է նաեւ արեւմտեան աշխարհին հետ մերձնալու, գործակցելու եւ անոնց նպաստներէն ուղղակիօրէն օգտուելու հնարաւորութիւններէն:
Սակայն երբ ասպարէզի վրայ փայլուն արեւի նման պսպղայ համահայկական կողմ մը , կառոյց մը՝ փոքրանկարը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, եւ անուանակոչուի, օրինակ՝ « Քեսապի համահայկական հիմնադրամ» կամ որեւէ մէկ այլ անուանում , որուն առաքելութիւնը ըլլայ, գիւղին ամբողջական վերականգման ֆինանսաւորումը կատարել, այդ ատեն է , որ Քեսապն ու Քեսապցին վերականգնելը կը դադրի փափաքն ու ցնորք ըլլալէ եւ կը դառնայ իրականութիւն:
Հայաստանի եւ Արցախի հարիւրաւոր գիւղերը վերականգնելու, անոնց տնտեսութեան նպաստելու փաստը տուաւ հայութիւնը ( անցնող տարիներուն) եւ հոն յաջողութիւն արձանագրեց:
\n
Քեսապը 500-600 տուն կամ ընտանիք հաշուող մէկ շրջան է մէկ՝ գիւղ , իր տասնեակ մը գիւղակներով:
\n
Քեսապը , իր նախորդ վիճակով տեսնելը ոչ միայն քեսապցիին այլ ամբողջ հայութեան փափաքն է , գերխնդիրն է. Եւ հայկական գերխնդիրները կը լուծուին համահայկական ճիգերով, եւ ոյժերու մէկտեղումով:
Երբ սակայն միշտ ու միշտ չմոռնանք կրկնելու գնով, որ քեսապցին երբ տուն վերադառնայ , ան նուազագոյնը մէկ տարի ( եթէ ոչ երկու ) զրկուած պիտի ըլլայ որեւէ եկամտաբեր աղբիւրէ եւ իր գոյութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ ֆինանսական օժանդակութիւններէն ( անկախ տնտեսութեան կամ բնակարանային վերակառուցման օժանդակութիւններէն):
Քեսապը չի նմանիր սփիւռքահայ որեւէ քաղաքի: Քեսապը սփիւռք չէ:
Քեսապը սուրիական-Կիլիկեան Հայաստան է:
\n
Կարօ Մանճիկեան
\n