«ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ», ԿԸ ԳՐԷ ԱՔԻՒԱ ԷԼՏԱՐ
\n
\n
\n
Աքիւա Էլտար «ալ-Մոնիթըր»-ի մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հայ ժողովուրդին ուղղած 23 ապրիլի ցաւակցութեան պատգամը Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրուեցաւ։ Այժմ Իսրայէլ ի՞նչ պիտի ընէ։ Բարոյական կեցուածք որդեգրելու եւ թուրքերը զայրացնելէ զգուշանալու երկընտրանքին միջեւ մնալով՝ պիտի շարունակէ՞ հայ ժողովուրդին հասած աղէտի ճանաչման հարցին մէջ լուսանցքի վրայ մնալ։ Եթէ Էրտողան կրնայ ինքզինքին թոյլ տալ այս զգայուն հարցին նկատմամբ թրքական վերաբերմունքը փոխել, ապա թերեւս ժամանակը հասած է, որ Իսրայէլ աւելի յստակ եւ վճռակամ կեցուածք մը որդեգրէ։
Միւս կողմէ՝ ինչ տպաւորութիւն պիտի ստեղծուի եթէ իսրայէլեան կառավարութիւնը հետեւի թուրք ղեկավարի մը, որ զինք քննադատելու որեւէ առիթ չի փախցներ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինչպէս պիտի արդարացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու քայլը, երբ տարիներէ ի վեր պնդած է, որ այս զգայուն հարցը պէտք է քննարկել «տուեալներու եւ փաստերու վրայ հիմնուած բաց բանավէճի մը ճամբով եւ ոչ թէ՝ քաղաքական որոշումներով ու յայտարարութիւններով»։ Լիքուտ կուսակցութենէն երեսփոխան Կիլատ Էրտան 2009-ին Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգով յանուն կառավարութեան իր արտասանած խօսքին մէջ այդ նշած էր։
Նոյն քննարկումին ընթացքին Էրտան ըսաւ.«Իսրայէլ կը պահանջէ տեղի ունեցածին շուրջ պնդումներ չկատարել, որովհետեւ ատիկա… կողմերէն մէկուն քաղաքական դիրքորոշման զօրակցիլ է»։ Հայերու սպանդը իրապէս քաղաքակա՞ն հարց է։ 22 տարի առաջ վարչապետ Իցհաք Շամիրի եւ նախագահ Շիմոն Փերեսի գլխաւորած Իսրայէլի ազգային միասնութեան կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնեց. «Բաներ կան, որ քաղաքականութենէն անդին կ՚երթան, եւ բաներ կան, որոնք դիւանագիտութենէն անդին կ՚երթան։ Ժողովուրդներու ողջակիզումները այդպիսի յստակ պարագայ մըն են»։ Ան այդ խօսքը ըսաւ պատասխանելով օրին Քնեսեթի անդամ, այժմ գոյութենէն դադրած Ռաց կուսակցութենէն Եայիր Ցապանի հարցումին։ Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու քոնկրեսական նախաձեռնութիւնը ձախողութեան մատնելու համար իսրայէլացի պաշտօնատարներու հրեայ-ամերիկեան կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան մասին լուրերու շուրջ լուսաբանական հարցում մը կ՚ուղէր։ Յանուն կառավարութեան անոր հարցումին պատասխանած արտաքին գործոց փոխնախարարն էր նոյնինքն ներկայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու։
Քանի մը ամիս ետք՝ Ապրիլ 1990-ին ի յայտ եկաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան համար Հայոց ցեղասպանութիւնը հիմնականին մէջ դիւանագիտական հարց մըն է։ Նախարարութեան ճնշումին տակ՝ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հրաժարեցաւ Թէօտոր Պօղոսեանի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Հայկական ուղեւորութիւն մը» վաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրելէ։ Բողոքի ալիքէն ետք՝ Իսրայէլի մէջ սփռումներու իշխանութեան վարչական խորհուրդը հրամայեց շարժանկարը ցուցադրել։ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ որոշումը վիճարկեցին եւ շարժանկարը երբեք չցուցադրուեցաւ ու նետուեցաւ դարակին մէջ։
Մարմարա նաւուն հարցը եւ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու վատթարացումը Իսրայէլի շահերու քարտէսը շրջեց։
Յունիս 2012-ին, Էրտան ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր դիրքորոշում մը ներկայացուց։ Այս անգամ չեզոքութիւն չկար, ոչ ալ փաստերու ստուգում կամ տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան մարզի վերաբերող շահերու պաշտպանութեան ծառայող այլ պատրուակներ։ Այս անգամ նախարարը նշեց. «Ճանաչումը քաղաքական բանավէճի վերածելը ճիշդ չէ եւ հարցը պէտք է դիտուի մարդկային կեանքի արժէքի տեսանկիւնէն»։ Ոչ միայն այդ՝ այլ. «Իբրեւ հրեաներ եւ իսրայէլացիներ, մենք պէտք է մարդկային ողբերգութեանց մասին տեղեակ ըլլալու յատուկ պարտաւորութիւն մը ունենանք»։ Կառավարութեան այդ նոյն ներկայացուցիչը, որ նախապէս հարցը Քնեսեթի օրակարգէն դուրս բերել պահանջած էր յայտարարեց. «Քնեսեթին համար պատշաճ է խոր եւ իր յարմար դատած ձեւով քննարկելու, ճանչնալու ցեղասպանութիւնը»։
Այս անգամ ան տուեալներն ու վիճելի փաստերը քննարկել չպահանջեց.«Քննարկման մէջ անհեթեթ բան մը կայ, որովհետեւ չլսեցի պատմական որեւէ փաստարկ, թէ ոճիրը տեղի ունեցա՞ծ է, թէ՞ ոչ…Կառավարութիւնը հարցը չքննարկեց, հաւանաբար զայն քաղաքական հարց մը վերածելէ զգուշանալով»։
Այս տողերը կը գրուին Ողջակիզումի յիշատակման օրուան նախօրեակին։ Ինչպէս ամէն տարի, վաղը պիտի յարգեմ Օշուիցի մէջ մահացած իմ հօրեղբայրներուս, մօրեղբայրներուս, հօրաքոյրներուս, մօրաքորյերուս եւ անոնց զաւակներուն յիշատակը Կը յիշեմ, որ աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք կը հերքեն, թէ իմ ընտանիքիս անդամները կամ ժողովուրդս սպաննուեցաւ, եւ կը շնորհաւորեմ անոնք, որոնք այդ անարգ մարդոց դէմ կը պայքարին։ Ճիշդ է, որ արդի պատմութեան մէջ որեւէ դէպք չի կրնար Նացի վարչակարգին կողմէ հրեայ ժողովուրդին դէմ գործուած արհաւիրքներուն հետ բաղդատուիլ, սակայն Ատոլֆ Հիթլերի արարքները մեզի չեն արտօներ այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւնները անտեսել։ Բարոյական հրեաներ ըլլալու համար թուրք բռնակալի մը հաւանութեան կնիքին կարիքը չունինք։
\n