Ցեղասպանութեան Ընդդիմացած Հալէպի Եւ Գոնիայի Կուսակալը
1300
0
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ, Զեքի Սարըհան հրատարակած է 1915ին Հալէպի եւ Գոնիայի կուսակալ Մեհմետ Ճելալի յուշերը, որոնք յայտնի կը դարձնեն, թէ այս անձը ո՛չ միայն դէմ եղած էր հայերու տեղահանութեան, այլեւ խստիւ ընդդիմացած էր այդ արշաւը գործադրողներուն ու այդ պատճառով ալ՝ կորսնցուցած իր դիրքը։
Ճելալ իր յուշերուն մէջ գրած էր, որ հայերուն դէմ գործադրուած վայրագութիւններուն ընթացքին խեղճ ժողովուրդը յանցաւոր չէր, որովհետեւ ժողովուրդը գործածուած էր որպէս գործիք։ «Հիմա, հայերուն նման եւս մենք՝ թուրքերս, գանգատող ենք ու պահանջատէր: Մենք ալ արդարութիւն կը պահանջենք, դատ ունինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք թուրքերը, հայերն ու արաբները այս վիճակին մատնեցին ու սպաննեցին անոնց եղբայրութիւնը», գրած է Ճելալ իր յուշերուն մէջ։