Ապրիլ 24-ը Իսթանպուլի մէջ
ՄԱՐՄԱՐԱ.- «24 Ապրիլ Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Փլաթֆորմ» կոչուած խմբակցութեան անդամները, Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով մէկտեղուեցան Հայտարփաշայի կառախումբի կայարանին մօտ, ուրկէ այդ թուականին հայ մտաւորականներ դէպի մահ ճամբայ հանուած էին։ Ասիկա հանրահաւաք մըն էր որ կատարուած էր անցեալ տարի ալ։ Ցոյցի մասնակիցներն էին Հէ-Տէ-Փէ Կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ՝ Կարօ Փայլան, գրագէտ Այշէ Պէրքթայ, ակադեմական Ֆաթմակիւլ Պէրքթայ, Իսթանպուլի Մարդու Իրաւունքներու Միութեան նախագահ՝ Իւմիտ Էֆէ, նոյն միութենէն զանազան վարիչներ եւ արտասահմանէն ոգեկոչման համար Իսթանպուլ ժամանած հայեր եւ մեծաթիւ հայրենակիցներ։
Ասոնք Հայտարփաշայի կայարանի շէնքին առջեւ կը պարզէին անգլերէն եւ հայերէն վերտառութիւններ, գրուած «Կ՚ոգեկոչենք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերը»։
Թաքսիմի մէջ
Մեծ Եղեռնի 99րդ տարելիցին առթիւ, Ապրիլ 23-ին բողոքի ու ոգեկոչման հաւաքոյթ մը կայացաւ Թաքսիմի մէջ, Պէյօղլուի Պողոտայի մուտքին։ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչելու Փլաթֆորմ» կոչուած խմբակի կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին մասնակցեցան մօտաւորապէս 1000 անձեր, որոնց միջեւ էին Րաքէլ Տինք, Սեւակ Պալըքճըի ծնողները Անի ու Կարապետ Պալըքճը, հրապարակագիր Օրալ Չալըշլար, երաժիշտ Ֆէրհատ Թունչ, Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան։ Ներկաներու կարգին էին Սփիւռքէն ժամանած մօտաւորապէս 30 անձեր, որոնք բոլորն ալ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներ ու ազգականներ էին։։
Ցոյցին մասնակիցները 24 Ապրիլի զոհերը ոգեկոչելու համար մոմեր վառեցին ու գետնին վրայ փռուած զոհերու պատկերներուն վրայ մեխակներ դրին։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ մէկ ժամուան նստացոյց։ Կարգ մը մասնակիցներ, լուսանկարներ ի ձեռին, հայերէն երգեր երգելով ոգեկոչեցին մեռեալներու յիշատակը։ Մէկ առ մէկ կարդացուեցան 24 Ապրիլի շրջանին աքսորուած ու սպաննուած հայ գրողներու ու մտաւորականներու անունները։ Հանրահաւաքը, որ իրականացաւ ապահովութեան խիստ միջոցառումներու մէջ, աւարտեցաւ առանց լուրջ միջադէպի։
ՀԱԿԱԴԻՐ ՑՈՅՑ ՄԸ
Ոգեկոչման հանրահաւաքի մօտիկ կէտի մը վրայ մօտաւորապէս 15 այլ ցուցարարներ ալ հակացոյց մը ըրին յայտնելով որ կ՚անդամակցէին «Ժողովուրդին Ազատագրման Կուսակցութեան»։ Անոնք պնդեցին որ հայկական ցեղասպանութիւնը սուտ մըն էր։Ոստիկանները երկու խմբակներու միջեւ երկաթեայ պատնէշներ դնելով կանխեցին հաւանական որեւէ ճակատում։ Այդ ցուցարարները իրենց ըսելիքը ըսելէ վերջ հեռացան առանց միջադէպի։