Իսլամացուած Հայերու Թիւը Մէկ Միլիոնի Շուրջ Է. Կ՚ըսէ Թուրք Պատմաբանը

\n

\n

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթը Ապրիլ 21ի իր թիւով լման էջ մը յատկացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթին։ Յօդուածագիրը՝ Թուղպա Թեքերլեք, այս նիւթին շուրջ զրոյց մը ունեցած է պատմաբան Իւմիթ Գուրթի հետ։
Յօդուածը այսպէս կը սկսի.

\n

 «99 տարի առաջ էր։ 24 Ապրիլին, այս հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդ մը ոչնչացնելու համար մահուան ճամբորդութեան մը ձեռնարկուեցաւ։ Այս ճամբորդութեան որպէս հետեւանք, հարիւր հազարաւոր մարդիկ մեռան, հարիւր հազարաւորներ արմատախիլ եղան եւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ցրուեցան։ Այդ ժողովուրդին հետքերը մեծ մասամբ ջնջուեցան։ Բայց՝ ո՛չ բոլորովին։ Թէեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն երկար տարիներ անցան, բայց այս հողերուն վրայ հայ քրիստոնեայ ինքնութենէն հրաժարելով մահէ փրկուած անձերէն նոր սերունդներ ծնան։ Կը կարծուի, որ այդպիսիներուն թիւը ներկայիս մէկ միլիոն է։ Այդ նոր սերունդները հետզհետէ սկսան իրենց կեանքի պատմութիւնները պատմելու»։

\n

Թերթը ապա կը ծանօթացնէ պատմաբան Գուրթը, որ ամերիկեան «Քլարք» համալսարանին մէջ ցեղասպանութեան դոկտորական ուսանող է եւ կը զբաղի Այնթէպի հայերով։ Ան իսլամացուած հայերու հետ բերանացի պատմութեան աշխատանք տարած է եւ գիրքեր գրի առած է պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ։

\n

Գուրթ կը յայտնէ, թէ հայերու իսլամացումը սկսած է 19րդ դարու երրորդ քառորդին, իսկ Ցեղասպանութեան ընթացքին որոշ հայեր, որոնք տեսած են, թէ տեղահանութիւնը մահ կը նշանակէ, կրօնափոխ եղած են: Ան կը յիշեցնէ, որ Թալէաթ Յունիս 22, 1915ին հրամանագիր մը ստորագրած էր՝ հրահանգելով չտեղահանել այն հայերը, որոնք կրօնափոխ կ՛ըլլան։ «Սակայն այս հրամանագիրէն երեք շաբաթ ետք քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ։ Թալէաթ փաշա կրկին հրամանագիր մը ստորագրեց՝ յայտնելով, թէ հայեր տեղահանութենէն փրկուելու համար երեւութապէս կ՛իսլամանան, ու այդ իսկ պատճառով, հրահանգեց կրօնափոխ եղողները եւս տեղահանել։

\n

 Հարցազրոյցի մնացեալ մասին մէջ Գուրթ կը պատմէ, թէ հայերը ինչպէ՛ս կրօնափոխ կ՛ըլլային։ Նախ կրօնափոխ ըլլալը ընդունող անձին իսլամական անուն մը կը տրուէր, անկէ կը պահանջուէր, որ երդում ընէ ու աղօթէ որպէս իսլամ։ Ապա, իսլամացածները շարունակ ապահովութեան ուժերու հարցաքննութեան կ՛ենթարկուէին ու հետապնդումի ենթակայ էին:

\n

Այն հարցումին, թէ կրօնափոխ եղած հայերու այսօրուան սերունդը ինչպէ՞ս կ՛իմանայ, թէ ատենօք հայ եղած է՝ պատասխանը պարզ է։ «Որովհետեւ մանկութենէն ի վեր անոնց «կեավուր» կ՛ըսէին։ Ուստի կը հետաքրքրուէին, թէ ուրկէ՞ կու գար այս «կեավուր» անունը։ Օրինակ, եթէ մէկը զինուորական վարժարան աշակերտել ուզէր, անոր հայրը կ՛ըսէր, որ մեզ զինուոր չեն ըներ։ Ինչո՞ւ… երբ քանի մը անգամ հարցուէր, այն ատեն հայրը պատասխանը կու տար», կը բացատրէ ան:

\n

Կրօնափոխ եղած այս մարդիկը, ըստ Գուրթի՝ կը հաշտուէին իրենց իսլամական ինքնութեան հետ։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք իմամի պարտականութիւն կատարած են։

\n

«Իսկ այսօր ի՞նչ կը զգան անոնք. կը վախնա՞ն իրենց հայկական ինքնութենէն» հարցումին, Գուրթի պատասխանը եղաւ. «Անշո՛ւշտ կը վախնան, որովհետեւ տակաւին կը շարունակուի ուրացումի քաղաքականութիւնը, այս մարդիկը տակաւին կը նկատուին ոչ թէ երկրի իրական հայրենակիցները, այլ՝ պատանդներ։ Այսինքն՝ աղաւնիի վախկոտութիւն մը։ Միայն Հրանդ Տինքի յատուկ չէր ասիկա»:
Ըստ Գուրթի՝ կրօնափոխ հայերը շատ ուժեղ փափաք ունին իրենց անցեալին հետ երես առ երես գալու եւ երեւան հանելու իրենց հայկականութիւնը։ Անոնք նաեւ կը փափաքին, որ առանց որեւէ խտրականութեան, հաւասար հայրենակիցներ նկատուին այլեւս։

\n

«Անատոլուի իսլամացած հայկական բնակչութեան այսքան բարձր թիւ մը կազմած ըլլալը ի՞նչ մտածել պէտք է տայ իրենք զիրենք թուրք կարծողներուն» հարցումին, պատմաբանը կը պատասխանէ. «Նախ, ասիկա պէտք է մտածել տայ, որ «թուրք ինքնութիւնը բոլորովին շինծու ինքնութիւն մըն է, որ գոյութիւն ունի միւս ինքնութիւններու չգոյութեան շնորհիւ։ Այսինքն՝ թրքական ինքնութիւնը իր գոյութիւնը կը պարտի հայու, յոյնի, ասորիի չգոյութեան։ Այսօր, ուրկէ՛ ալ նայիք, մօտաւորապէս մէկ միլիոն իսլամացած հայերու մասին է խօսքը։ Հետեւաբար, պէտք չէ մոռնանք, որ երբ Անատոլու կ՛ըսենք, կը հասկնանք աշխարհագրութիւն մը, զոր թրքացուցած են»։

\n


\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.