ՍՈՒՐԻԱ՝ ԱՆԵԼ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԵԿԱՆՈՒՄԸ

\n

\n

 

\n

Ամերիկեան ռազմաքաղաքական վերլուծողական «Սթրաթֆոր» կայքէջը կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը երկու կողմերուն ալ կորուստներ պատճառած է։ Ո՛չ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, ո՛չ ալ սիւննի ժիհատականներու, Ծոցի երկիրներու եւ Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազատ բանակը կարողացաւ վճռորոշ յաղթանակ արձանագրել։ Սակայն մինչ հակամարտութեան տեւողութիւնն ու մարդկային կորուստները կը շարունակեն աճիլ, առնչակից բոլոր կողմերն ալ շարունակուող կռիւներուն եւ տարածաշրջանի ապակայունացման այլընտրանքներ պիտի սկսին փնտռել։

Սուրիական տագնապը կարելի է բաժնել երեք հանգրուաններու։ Առաջինը սկսաւ 2011-ի ամրան, երբ Ասատ ընտանիքին դէմ քաղաքային ըմբոստութիւնը վերածուեցաւ զինեալ ըմբոստութեան մը, որ 2013-ի ընթացքին արագ կերպով աճելով մատնուեցաւ անել կացութեան մը։ 2014-ի ընթացքին սկսաւ տագնապի երրորդ հանգրուանը, երբ ընդդիմութեան պառակտուածութիւնը արտօնեց, որ Ասատի հաւատարիմ ուժերը յառաջխաղացք արձանագրեն։

Սուրիոյ քիմիական զէնքերու տարհանումը միջնորդելու Ռուսիոյ որոշումը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայութիւնը չքացուցին Արեւմուտքին մօտ միջամտութեան մտադրութիւնները։ Քիմիական զէնքերու հարցով Ասատի հետ գործակցելու Արեւմուտքի պատրաստակամութիւնը վարչակարգին անուղղակի օրինականութիւն շնորհեց։ Հակառակ սկիզբը նկատառելի աջակցութիւն ցուցաբերելուն՝ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը սեփական մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, ինչ որ ռազմավարութեան նկատառելի փոփոխութեան մը առաջնորդեց՝ ընդդիմութեան մէջ ժիհատական խմբաւորումները ճնշելու եւ Սուրիական ազատ բանակին աջակցութիւնը շարունակելու։ Ժիհատական խմբաւորումներու միջեւ բախումները վարչակարգին արտօնեցին իր ձեռքբերումները ամրապնդել՝ խափանելով ընդդիմութեան մատակարարման ուղիները։

ԱՊԱԳԱՅ ՔԱՅԼԵՐ

Որոշ առումով, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը չհամապատասխանեց սպասումներուն։ Առանց արտաքին միջամտութեան վարչակարգին եւ ընդդիմութեան դիրքերը կրնան վատթարանալ։ 
Արտաքին միջամտութիւնը մեծապէս ի նպաստ Ասատի է։ Արմատական տարրերու ներկայութիւնը մեծապէս վնասած է ընդդիմութեան սկզբնական նպատակներուն եւ յետ վարչակարգի տապալման ստեղծուելիք կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն ստեղծած է։ Սուրիոյ հարցի առնչակից, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին կողմերը այն մտավախութիւնն ունին, որ ժիհատականներուն իշխանութեան հասնելուն պարագային քաոսային վիճակ կրնայ ստեղծուիլ։ Լիպիան այդպիսի կացութեան մը լաւագոյն օրինակն է։

Այդպիսի դիպաշար մը անհաւանական կը մնայ մինչեւ այն ատեն, որ Ասատի վարչակարգը կը մնայ ուժեղ։ Եթէ ընդդիմութեան կորիզը եղող տարրերը իրենց միութիւնը եւ նպատակները պահպանեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ հաւանական ընտրանք մը մնալ։ Սակայն վարչակարգը մերժեց բանակցութեանց (կամ ապագայ բանակցութեանց) վերջին առաջարկը, ինչ որ անոր դիրքին նկատմամբ իր եւ անոր աջակիցներուն վստահութեան ցուցանիշն է։ Մինչեւ այն ատեն, որ Ասատ կը զգայ, թէ գերակայ դիրքի վրայ է, անհաւանական է, որ ընդդիմադիրներուն հետ բանակցելու մասին մտածէ։ 

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին թիւն ու կարողականութիւնը, բաղդատմամբ թշնամիին կամ պատերազմի դաշտին, չէ աճած։ Ուստի տակաւին կարողութիւնը չունի Սուրիոյ մէջ մեծ տարածքներու վերատիրանալու։ 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.