Ատրպէյճանական Կողմէն Կրակոց՝ Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերուն Ուղղութեամբ

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– 14 Ապրիլի երկոյեան Տաւուշի սահմանամերձ քանի մը գիւղերու ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուած են ատրպէյճանական կողմէն: Քանի մը ժամ շարունակ ատրպէյճանական կողմը՝ խախտելով զինադադարի դրութիւնը, ռմբակոծած է Մովսէս, Ներքին Կարմիր Աղբիւր, Չինարի գիւղերը: Մովսէսի գիւղապետ Արարատ Աւալեան «Ռադիօլուր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, թէ 14 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 19։00էն մինչեւ 23։00 (Հայաստանի ժամանակացոյցով), ատրպէյճանցիները կրակած են գիւղին ուղղութեամբ, քանի մը տանիք վնասուած է, պատուհաններ կոտրած են: Երկու օր առաջ ատրպէյճանցիները կրկին շուրջ մէկուկէս ժամ կրակ բացած են Մովսէսի ուղղութեամբ: Կրակոցներու սաստկացումը Արարատ Աւալեանը գիւղատնտեսական աշխատանքներուն մեկնարկին հետ առնչութիւն չունի. արդարեւ, Աւալեան նշած է, որ ձմրան եւս իրենց գիւղին ուղղութեամբ յաճախ կրակոցներ արձակուած են: Սահմանամերձ Ներքին Կարմիր աղբիւր շրջան եւս խաղաղ չէր 14 Ապրիլին: Համայնքի ղեկավար Մանուէլ Կամենդատեանը «Ռադիոլուր»ին փոխանցած է, որ իրենց գիւղին ուղղութեամբ եւս կրակոցները սկսած են երեկոյեան 19։00ին եւ շարունակուած են մինչեւ 22։00: Բարեբախտաբար տուժածներ չկան, սակայն տանիքները վնասուած են, պատուհանները կոտրած են: «Դժուարանում եմ ասել, կարկոցներից վնասուած տանիքների կամ պատուհանների տների բնակիչները ինչ հիւանդութիւններ են ձեռք բերել», յայտնած է Մանուէլ Կամենդատեանը: «Վերջին անգամ, ի դէպ, Ներքին Կարմիր Աղբիւրի ուղղութեամբ մօտ 15 օր առաջ են կրակոցներ հնչել», յայտնած է գիւղին ղեկավարը: «Իսկ մենք յաւելենք, չնայած ադրբեջանցիների յամառ ջանքերին, սահմանամերձ համայնքների բնակիչները, շարունակում են ապրել, աշխատել ու շէնացնել հայրենի գիւղերը», կ՛եզրափակէ «Ռադիոլուր»ի թղթակիցը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.