Մոնթրէալէն Լաւալ երիտասարդական քայլարշաւ

\n

\n

 

\n

Գանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ «Քեպէգի հայ երիտասարդական միացեալ յանձնախումբ»ի քայլարշաւը, որուն մասնակցեցան 200-է աւելի երիտասարդներ եւ ազգայիններ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն կողմէ։

\n

Ապրիլ 12-ին  Քայլարշաւը սկիզբ առաւ Մոնթրէալի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի տարածքէն եւ 3 ժամուան ճանապարհ կտրելով հասաւ Լաւալ քաղաքի նորակառոյց Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան։

\n

Յուշարձանին մօտ կայացած հսկումի արարողութեան ներկայ էին Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆրանսուա Փիլոն, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի փոխ նախագահ Յարութ Շիթիլեան,  Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արէֆ Սալէմ եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռայնալտ Ատամզ, որոնք դատապարտեցին թրքական պետութեան ուրացումի քաղաքականութիւնը։

\n

Խօսք առին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնի անդամ Շահէ Թանաշեան, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեան,  Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամ Շահէ Բաբիսեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ Նաթալի Սէթեան։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.