ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ

\n

\n

 

\n

Քնար Բաբայեան eMedia.am-ի կայքին վրայ կը գրէ, որ Արցախի Քաշաթաղ շրջանի հարաւային թեւին մէջ գտնուող Իշխանաձոր համայնքին մէջ վերջապէս հաստատուեցան երկու սուրիահայ ընտանիքներ։ Թիւֆենքեան բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ կառուցուած 2 երկսենեակնոց բնակարաններու բանալիները 26 Մարտին յանձնած են սեփականատէրերուն։

Նոր բնակարաններէն մէկն ալ Սուրիոյ Հալէպի շրջանէն Բերձորի մէջ հաստատուած Սեպուհ Սանոսեանինն է, ոr վերջին անգամ Արցախ եղած է 2006-ին, իսկ մէկ տարի ետք վերջնական կերպով հաստատուած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ։ Տեղափոխուելու պատճառը շատ յստակ է. ան միշտ փափաքած է հայրենիքին մէջ ապրիլ։ Իսկ Արցախը լաւագոյն տարբերակն էր իրեն համար, ինչպէս Սեպուհը կ՚ըսէ, սիրահարուած է Արցախին ու ետ երթալու մասին չէր ալ մտածած։

«Եկած օրուընէս ի վեր Իշխանաձորի մէջ հողագործութեամբ կը զբաղիմ։ Սկիզբը ինծի համար հող կը մշակէի, իսկ հիմա աւելի թեքնիքի վրայ կ՚աշխատիմ, այստեղի մեքենաքարշակային կայանին մէջ։ Երկու տարի առաջ ալ ամուսնացայ տեղացի աղջկայ մը հետ ու որովհետեւ ան Բերձորի հիւանդանոցին մէջ բժշկուհի կ՚աշխատի, ստիպուած էի անընդհատ երթալ գալ։ Մեր միակ խնդիրը բնակարանն էր, հիմա արդէն կրնանք վերջնականապէս հաստատուիլ Իշխանաձորի մէջ, իսկ կինս ալ պիտի տեղափոխուի այստեղի բժշկական կէտին մէջ աշխատելու», eMedia.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սեպուհը։

Սեպուհի երկու եղբայրներն ալ հաստատուած են հայերնիքի մէջ մէկը՝ Երեւանի մէջ, իսկ միւսը՝ Կովսականի։

\n

 

\n

\n

Հակառակ դժուարութիւններուն, Սեպուհը չի զղջար տեղափոխուելուն համար եւ առանց վարանելու կ՚ըսէ.«Այս վիճակէն ալ գոհ եմ, որովհետեւ ասիկա իմ հողս ու ջուրս է։ Կը մնայ միայն աշխատիլ։ Մնացած բարեկամներուս ալ խորհուրդ կու տամ գալ այստեղ նոյն հողագործութեամբ զբաղիլ։ Միեւնոյն է, այսօր Միջագետքի ու Հալէպի շրջանին մէջ չենք կրնար օգտագործել մեր հողատարածքները»։

Թիւֆենքեան բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան վստահեցուց, որ սուրիահայերու բնակարան ապահովելու հոլովոյթը այս մէկով չ՚աւարտիր։ Հիմնադրամի աջակցութեամբ աւարտական փուլի մէջ կը գտնուին նաեւ 12 բնակարանոց շէնքի շինարարական աշխատանքները։

«Քաշաթաղի շրջանին մէջ աշխատիլը ե՛ւ դիւրին է, ե՛ւ բարդ։ Գոյութիւն ունեցող պայմանները դժուար են, միշտ չէ, որ խմելու եւ ոռոգման ջուր կայ, կամ ալ յարմար ենթակառոյցներ։ Սակայն միւս կողմէ վերջին երեք տարիներուն շրջանային վարչակազմը աշխուժ կերպով կը համագործակցի մեզի հետ եւ այն խնդիրները, որ չենք կրնար մենք լուծել, իրենք կը լուծեն», նշեց Ա. Գասպարեան։

Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սուրեն Խաչատրեանը eMedia.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ շրջանին մէջ կ՚ապրին շուրջ 30 սուրիահայ ընտանիք, որոնցմէ 7-ը եկած է 2013-ին։ Այդ ընտանիքներէն միայն 5-ն է, որ մնայուն կացարան չունի եւ կ՚ապրի Բերձորի հիւրատան մէջ։

Սուրիահայերը հիմնականին մէջ հաստատուած են Կովսական, Բերձոր քաղաքներուն մէջ եւ Իշխանաձոր համայնքին մէջ։

«Քանի որ սուրիահայերու մեծամասնութիւնը Գամիշլիէն է եւ հիմնականին մէջ կը զբաղի հողագործութեամբ, անոնց այս կամ այն բնակավայրի մէջ վերաբնակեցնելու ժամանակ պէտք է մտածենք նաեւ զանոնք վարելահողով ապահովելու մասին։ Կովսականի մէջ հողատարածքներու մեծ մասը արդէն բաշխուած է, ուստի այսուհետեւ վերաբնակեցման պայմանները պիտի բարելաւենք Իշխանաձորի մէջ», ըսաւ Ս. Խաչատրեան։

Ներկայ դրութեամբ Իշխանաձորի մէջ եւս կը շարունակուին 10 բնակարանոց շէնքի շինարարական աշխատանքները, որոնք կը ֆինանսաւորէ «Քաշաթաղ» եւ «Թիւֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամները։ Ըստ համայնքի ղեկավար Արսէն Թլունցի, եթէ աշխատանքները այս կշռոյթերով շարունակուին, ամառը կրնան 10 սուրիահայ ընտանիք եւս ընդունիլ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.