ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՐՑՈՎ ԹՐՔԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՆՑԱԾ Է ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ

\n \n

Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ հետ սահմանակից հայաբնակ Քեսապ աւանի եւ հայ բնակչութեան պաշտպանութեան համար աշխարհասփիւռ հայերու կոչերը, ցոյցերը եւ համացանցային արշաւները թրքական սփիւռքեան կառոյցներու թիրախ դարձած են։

Թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւններու միութեան (ATAA) նախագահ Մեհմեթ Չելեպի, Թուրք-ամերիկեան միութիւններու դաշնակցութեան (FTAA) նախագահ Աթիլլա Փաքի եւ թուրք-ամերիկեան հասարակական կեդրոնի եւ մզկիթներու գլխաւոր քարտուղար Ատեմ Պույուքաջարի ստորագրութեամբ նամակ մը յղուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին։ Նամակին մէջ Չելեպին կը նշէ, որ զինք խորապէս կը մտահոգէ հայկական սփիւռի կառոյցներէն Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Քեսապի մէջ բախումներու առնչութեամբ Թուրքիոյ մեղադրանքներ հասցէագրելու եւ նոր ցեղասպանութեան մը մասին յայտարարութիւնները։

Ան կ՚ընդգծէ, որ իրականութեան մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուաշինկթընի մէջ կ՚աջակցի Ասատի։ 

Թրքական կառոյցի ղեկավարը կը յայտնէ, որ ըստ տարածաշրջանէն ստացուած տեղեկութիւններու, հայկական եկեղեցիները պաշտպանութեան տակ են եւ ընդդիմադիրները հայերուն վնաս չեն հասցուցած։

      

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.