Քեսապը Կը Մնայ Միջազգային Մամլոյ Ուշադրութեան Տակ

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քեսապի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղահանուած քեսապցիներուն ի նպաստ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ հայ համայնքներուն կազմակերպած բողոքի ցոյցերը կը գտնուին միջազգային լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ:
\n Արդարեւ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը Ապրիլ 3ին ներկայացուցած է Լիբանան հասած քեսապցի գաղթականներու վկայութիւնները՝ յարձակումներուն եւ տեղահանութիւններուն վերաբերեալ: «(Քեսապցիներուն) Մէկ մասը ստիպուած ճամբայ ինկած էր գիշերանոցով, միւսները՝ աշխատանքային տարազներով: Շատերը կը մտածէին, թէ պիտի կրնան մօտ ատէնէն վերադառնալ, իսկ այժմ կը վախնան, որ վերադառնալու առիթ կրնան չունենալ այլեւս», գրած է թերթը՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ եռամեայ պատերազմին ընթացքին, շրջանը ցարդ հեռու մնացած էր պատերազմի արհաւիրքէն: Թերթը կը նշէ, թէ քեսապցիներու վկայութեանց համաձայն՝ յարձակումներուն ընթացքին մարդկային մեծ կորուստներ չեն արձանագրուած եւ յիշուած է մահուան մէկ դէպք միայն, երբ արձակազէններու կրակոցէն սպաննուած է տեղացի ուսուցիչ մը: Թերթը նաեւ կը շեշտէ, թէ ականատեսներու վկայութիւններէն յստակ է, թէ ահաբեկիչները յարձակումը իրականացուցած են Թուրքիոյ աջակցութեամբ:
\n Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի երկիրներու իրադարձութիւնները լուսաբանող «Մանիթըր» կայքը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած Քեսապի ի նպատ ցոյցերուն՝ նշելով, որ թրքական դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու առջեւ ցոյցեր կատարուած են Սիտնիի, Լոս Անճելըսի, Մոսկուայի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Կայքը կ՛աւելցնէ, թէ թուրք հասարակութեան միայն փոքր հատուածը կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութեան:
\n «Պի.Պի.Սի.», «Ա.Էֆ.Փէ.», «Էյ.Փի.» եւ այլ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողքին, Քեսապի իրադարձութիւններուն շարունակաբար կ՛անդրադառնան նաեւ ռուսական եւ իրանեան լրատուական գործակալութիւններ:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.