«Քեսապը Անցեալ Չէ, Այլ Ներկայ Եւ Ապագայ»


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քեսապը ոչ թէ հայկական գաղթօճախ է, այլ Կիլիկեան Հայաստանէն պահպանուած գեղեցիկ պատառիկ: Այս, ինչպէս նաեւ Քեսապի մշակութային, բանահիւսական եւ ազգագրական արժէքին մասին կը պատմէ 4 Ապրիլին «Մեդիա կենտրոն»ին մէջ ցուցադրուած «Քեսապ» ֆիլմաշարին առաջին մասը: 2009-2010 թուականներուն կատարուած նկարահանումներուն իբրեւ արդիւնք բեմադրիչ Նանէ Բագրատունին կրցած է ներկայացնել քեսապահայերուն ուտեստեղէնները, խոհարարական, հարսանեկան, այլ աւանդոյթները՝ զանոնք համալրելով նաեւ պատմական ակնարկով:
«2010 թուականին մենք թողարկեցինք տեսաերիզներ, եւ ֆիլմը շնորհանդէս ունեցաւ նաեւ Քեսաբում: Ընդհանուր առմամբ մենք 18-20 ժամ տեւողութեամբ ազգագրական, բանահիւսական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող տեսանիւթ ենք հաւաքել», յայտնած է Բագրատունին:
Ի տարբերութիւն Քեսապի մասին այլ սիրողական նիւթերու, բեմադրիչին այս աշխատանքը ամբողջական նախագիծ է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ գտնուող փոքրիկ գիւղաքաղաքը՝ նախքան հոն սկսած ռազմական գործողութիւնները:
«Խենթանալիք էր այն, ինչ տեսայ այնտեղ, Քեսաբը աշխարհին բացայայտուած չէր: Ես չորս տարի փորձում եմ հանրութեանը ներկայացնել այն՝ նեղ շրջանակում հանդիպումների միջոցով: Ֆիլմաշարի միւս հատուածներում ներկայացուելու են Քեսաբի ճարտարապետական կոթողները, զբօսաշրջութիւնը, որովհետեւ Քեսաբը Սիրիայի համար եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի», յայտնած է վաւերագրողը՝ աւելցնելով, որ ժապաւէնին մէջ իրենք կը ներկայացնեն արաբ մը, որ 50 տարի բնակած է Քեսապի մէջ, քանի որ արաբական աշխարհին համար անիկա չքնաղ հանգստեան գօտի է, որ նաեւ մեծ գումարներ կը բերէ Սուրիոյ:
Քեսապահայ լրագրող Սալբի Սաղտըճեան, որ երկու տարիէ հաստատուած է Հայաստան, կը հաւատայ, թէ ներկայացուածը փոքրիկ մասն էր բազմաբովանդակ եւ մեծ ժառանգութեան, որ մեծ իմաստ ունի հայութեան համար: «Միասնաբար ապրող քեսապցիները կը ստեղծագործէին, ունէին իրենց սովորութիւնները, ազգային կառոյցները, իրենց յատուկ լեզուն՝ բարբառը: Սուրիոյ համար եւս անիկա ռազմավարական նշանակութեան ունի: Ամառները Քեսապը հայկական շունչով կը լեցուէր: Ամէն իմաստով անիկա փոքրիկ պատառ էր հայկականութեան՝ հայկականութեամբ ապրող, հայկականութեամբ շնչող», յայտնած է ան՝ հաստատելով, որ իրենք յոյս ունին, որ քեսապահայերը պիտի կարենան վերադառնալ պատմական հայրենիք:
Ժապաւէնի հերոսները տեղաբնակներն են՝ Քեսապի բնակիչները. անոնք կը ներկայացնեն իրենց պատմութիւնը՝ Տիգրան Մեծի ժամանակներէն մինչեւ 21րդ դար: Կ՛անդրադառնան թուրքերուն կողմէ կազմակերպած 1909ի տեղահանութեան ու թալանին, 1915ի Հայոց Եղեռնին եւ անկէ 3 տարի ետք իրենց վերադարձին:
«Քեսապ» վաւերագրական ժապաւէն-նախագիծի մտայղացման հեղինակները Մխիթարեան միաբանութեան վարդապետ Հայր Համազասպ Քէշիշեանը, Նորայր Մելքոնեանը, Նանէ Բագրատունին եւ Լիպարիտ Ասատրեանն են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.