Կովկասի Իսլամներուն Պետը Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կատարած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէ, որ Ատրպէյճանի հիւսիսային եւ լեզկիներով բնակեցուած շրջանը այցելած էր, հանդէս եկած է հակահայ սադրիչ յայտարարութիւններով:
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքին» լրատուական կայքին՝ ան յայտարարած է. «Հայաստանը մեր որոշ եղբայրական իսլամ պետութիւններու ձեռքերով կը փորձէ հրահրիչ արարքներ կազմակերպել Ատրպէյճանի մէջ, սակայն կը ձախողի»:
Փաշազատէ լեզկիներով եւ թաթարներով բնակեցուած շրջանները այցելած է «կրօնական լուսաւորման նպատակով», սակայն փաստօրէն, անոր հիմնական նպատակը եղած է շրջանի բնակչութիւնը հայերուն դէմ լարել:
Ինչպէս կ՛երեւի, ան եւս միացած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան համապարփակ հակահայ քարոզչութեան, մինչ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Պաքուի ղեկավարութիւնը կը յորդորեն՝ բնակչութիւնը պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.