Ուաշինկթըն Կ՛անդրադառնայ Քեսապի Վիճակին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուրբաթ, Մարտ 28ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է իր տուներէն հեռանալու պարտադրուած Քեսապի հայութեան կացութեամբ՝ կոչ ընելով պաշտպանելու յատկապէս բոլոր քաղաքացիներն ու անոնց սրբավայրերը:
«Ինչպէս յաճախ կրկնած ենք, Սուրիոյ տագնապին ընթացքին քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ սպառնալիքները կը դատապարտենք: Այդ հարցը քննուեցաւ նաեւ նախագահ Օպամայի եւ Ֆրանսիս պապի միջեւ հանդիպման ընթացքին: Քեսապի մէջ կռուող որոշ կողմեր կը յայտարարեն, թէ քաղաքացիները թիրախ պիտի չդարձնեն ու պիտի յարգեն փոքրամասնութեանց իրաւունքներն ու անոնց սրբատեղիները: Կը յուսանք, որ անոնք կը յարգեն այս խոստումները: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ բռնարարքներէն վնասուած կողմերուն, ներառեալ՝ սուրիացիներուն եւ հայերուն: Երկար ատենէ ի վեր մտահոգ էինք վայրագ ծայրայեղականներու սպառնալիքներով, եւ Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած այս վերջին սպառնալիքը կու գայ հաստատելու մեր մտահոգութիւնը», աւելցուցած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.