Քեսապի շուրջ թէժ մարտերը Կը Շարունակուին


 

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Նիւ Եորքի մէջ թրքական բանակը ամբաստանեց Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով:

Մինչ այդ` Քեսապի ճակատամարտը 6-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից գիւղին մերձակայ շրջաններուն մէջ: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ զինեալները գիւղ ներխուժելէ անմիջապէս ետք քանդած են եկեղեցիներուն վրայ գտնուող խաչերը: Ժապհաթ Նուսրա յայտարարեց, որ Քեսապի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է իր մարտական ղեկավարներէն Ապտելռազաք Ապտելպաքին, որ ծանօթ է «Ապի Լէյլա» անունով:

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ամրապնդած է 45-րդ կէտի, Էքիզօլուխի եւ Ժապալ Նըսրի մէջ գտնուող իր դիրքերը: Սուրիական օդուժի ռմբաձիգներ ռմբակոծած է զինեալներուն թրքական հողամասերուն կից գտնուող դիրքերը, իսկ թրքական ուժերը շարունակած են զինեալներուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.