Մանրամասնութիւններ՝ Քեսապի Մէջ Բռնարարքներու Եւ Վնասներու Մասին
ՀԱԼԷՊ, «Լրատուական Գրասենեակ».- Քեսապ միշտ ալ խաղաղ աւան մը եղած է, անոր բնակիչները խաղաղասէր եղած են: Անոնք իրենց օրապահիկը կ՛ապահովէին հողագործութեամբ եւ զբօսաշրջիկութեան գործերով: Քաղաքին մէջ զինուորական կեդրոնատեղիներ չկան. այդ բոլորը ծայրամասերուն վրայ կը գտնուին, հետեւաբար արդարացուցիչ պատճառներ չկան բնակիչները իրենց խաղաղ տուներէն տեղահանելու: Եղածը կը նպատակադրէ չարդարացուած պատճառներով շրջանը իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Այս մէկը պատահեցաւ քանի մը շէնքերու, երբ Ուրբաթ օր այդ ընտանիքները լքեցին իրենց տուները: Տակաւին յստակ թիւեր չունինք, չնայած տարածուած շատ մը տեսաերիզները ցոյց կու տան մխացող տուներ եւ շէնքեր: (Մինաս Պէտիրեանին տունը, Սեպուհ Գարաեագուպեանին հիւրանոցը:)
ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄՆԵՐ
Երբ Սթիւ Շեխուկեան իր մոթորսայքլով կը հեռանար Տուզաղաճի շրջանէն (պաշտօնական անունը Ալ Շաճարա, որ բախումի շրջան էր Քեսապի մէջ), զինեալ մը կը կանգնեցնէ զինք եւ կը ստիպէ վար իջնել իր մոթորսայքլէն: Սթիւ կ՛ըսէ, որ զինք կեցուցած էր մօրուքաւոր մէկը, որ արաբերէն չէր խօսեր: Երբ Սթիւ ըսած էր, թէ ինք հայ է, մօրուքաւորը դանակ մը հանելով սպառնացած է մորթել զինք կոկորդէն, որմէ ետք Սթիւին շղթայած են մօտակայ շէնքի մը երկաթեայ պատուհանին: Երբ կռիւը սաստկացեր է եւ կրակի բոցեր բարձրացած են, զինեալը փախուստ տուած է եւ զինք ձգած հոն: Սթիւ կրցած է ձերբազատուիլ իր շղթաներէն, թուփերուն մէջէն ճամբայէն դուրս գալ եւ հասնիլ հոն ուր տեղահանուողները ապաստանած էին:
ԲՌՆԻ ՈՒԺՈՎ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ
Տիգրանուհի Մանճիկեանը տարեց եւ անհանգիստ կին մըն է, այն քիչերէն էր, զոր չկրցան տեղափոխել, իր առողջապահական պայմաններուն պատճառաւ: Քաղաքի կեդրոնը խուզարկելէ ետք, անոնք բռնի ուժով մտան իր տունը, ուր զինեալ մը, բանաւոր եւ մարմնային սպառնալիքներով, պահանջեց իրմէ ոսկեղէն եւ այլ արժէքաւոր բաներ, զորս ինք արդէն չունէր: Զինեալը տունը տակնուվրայ ընելով առաւ այն ինչ որ գտաւ եւ հեռացաւ: Ան իր այս վկայութիւնը հեռաձայնով հաղորդեց:
ԱՅԼ ԲՌՆԻ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄՆԵՐ
Շատ մը տեղահանուողներ, հեռաձայնեցին իրենց տուները, իմանալու համար, որ ով պիտի պատասխանէ. ահաւասիկ օրինակներ.
*Մինաս Սողոմոնեան, որ տնային ճաշեր կը պատրաստէ, երբ հեռաձայնած է, անոնցմէ մէկը պատասխանելով իրեն ըսած է, որ մենք կը վայելենք ձեր համեղ ճաշերը, իսկապէս լաւ գործ կ՛ընէ՛ք:
*Նման բան պատահած է Ժոզէֆ Քէլաղպեանին հետ, որուն բնակարանը ներխուժողը ըսած է, թէ կը վայելէ տան մէջ գտած ուտելիքները:
*Անի Պոյմուշաքեան երբ հեռաձայնած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գրասենեակը, անոնք պատասխանած են, որ գրասենեակը արդէն իրենց հսկողութեան տակ է եւ «մեր հաշւոյն եկածին պէս այս տեղին հետ պիտի վարուինք»… հեռաձայնը գոցելով պատասխանողը ըսած է, որ զինեալները իրենց սպառնալիքները կը կատարեն:
*Փարէն Յովսէփեան երբ հեռաձայնած է, անոնք խօսած են բնակարանի «շատ գեղեցիկ կահոյքի» մասին:
*Նազարէթ Դանիէլեան նոյնպէս կը վկայէ, որ ներխուժողներ կան իր տան մէջ:
ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
*Զաւէն Փանոսեանին կանաչեղէնի խանութը:
*Նշան Ինճէճիկեանին կանաչեղէնի խանութը:
*Արմէն Չէրչիկեանին ուտեստեղէնի խանութը եւ այլ խանութներ:
25 Մարտ 2014