ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ԿՐԿՆԱԿԻ ՑԱՒԻՆ ՄԱՍԻՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՔԻՒՐՏ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ


Քրտական արմատներով թուրք լրագրող Մուճկան Հալիս «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք կրկնակի տուժած հայ կանանց՝ անոնց բռնաբարութիւններու, բռնի իսլամացման եւ ստրկացման դէպքերուն։ Ստորեւ յօդուածը.

«Հայոց ցեղասպանութեան մինչեւ օրս անտեսուած յուշերէն մէկը սեռական կողմն է, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան կանացի դէմքը։ Այո՛, ցեղասպանութիւնը հայ կանանց համար կրկնակի ցաւ էր, որովհետեւ անոնց համար ատիկա միաժամանակ բռնաբարութիւններ, բռնի ամուսնութիւններ, ստրկացում կը նշանակէր։

ԲՌՆԱԲԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1915-ին, հայ կանայք թէ՛ իրենց հայրենիքէն արտաքսուեցան, թէ՛ իրենց ամուսինները, եղբայրները, զաւակները կորսցուցին, թէ՛ պարբերաբար բռնաբարութիւններու զոհ դարձան…։

«Մինչեւ հիմա այդ թեմայով ուսումնասիրութիւններու թիւը շատ քիչ է։ Մինչեւ մեր օրերը ողջ մնացածները իրենց բանաւոր պատմութիւններուն մէջ բռնաբարութիւնները կամ մեղմացուցած են, կամ կը շրջանցեն։ Ատիկա ցոյց կու տայ, որ կանայք չեն ուզեր խօսիլ այդ բռնութեան մասին։ Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ տղամադրիկ ալ այդ թեմայի շուրջ խօսիլ չեն ուզեր կամ ալ կը նշեն, որ ատիկա պատմելը շատ դժուար է։

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ, ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ԿԱՆԱՅՔ

«Հայ կանայք ցեղասպանութեան հետեւանքով ապրեցան նաեւ բռնի իսլամացումը։ Ենթադրութիւններ կան, որ 200 հազար հայ կին ցեղասպանութեան ընթացքին եւ ատկէ ետք իսլամացուեցան, ձուլուեցան…։

«Հայ կիներու հանդէպ իրագործուած բռնաբարութիւններուն կը յաջորդէին բռնի ամուսնութիւնները։

Իսլամացած հայ կիները ժամանակի ընթացքին կը մոռնային իրենց ինքնութիւնն ու մայրենի լեզուն։ Անոնցմէ շատերը իրենք զիրենք եւ իրենց հարազատները փրկելու համար բացի իսլամանալէ այլ ելք չէին ունենար։

ՏԱՏԻԿՆԵՐՈՒ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

«Իսլամացած կանայք աւելի ուշ իսլամ տղամադրոց հետ կ՚ամուսնանային, եւ ըստ աւանդութեան, հինա կը քսէին։ Այդ հինաները կամ դաջուածքները մէկ այլ նշանակութիւն ալ ունէին։ Բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները» շարժանկարը ճիշդ ատոր նուիրուած է։ Շարժանկարը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած, «մարմինը վաճառելու» ստիպուած հազարաւոր մոռցուած կանանց մասին է։ Անոնց մարմիններուն այլ մարդոցմէ տարբերելու համար դաջուածքներ կային։

«Խարտալեանը կը նշէ, որ իր շարժանկարը ընտանիքի գաղտնիքը բացայայտող ճանապարհորդութիւն մըն է։

«Խանըմ նենեն բոլորի նման չէր։ Ես անոր իբրեւ չար սիրտ ունեցող կին մը կը յիշեմ։ Ֆիզիքական շփումը կ՚ատէր։ Երբեք չէր գրկախառնուեր, կամ համբուրեր, ձեռքի դաջուածքները կը պահէր։ Այժմ գիտեմ, թէ ինչու տատիկս շատ լաւ քրտերէն կը խօսէր։ 12 տարեկանին Եփրատի ափին բռնաբարութեան ենթարկուած էր, անոր՝ օգնութիւն հայցող աղաղակներուն արձագանգած քիւրտը զինք փախցուցած էր։ Այդ տղամարդու հետ ստիպուած ապրած է 7 տարի, ապա անգլիացի միսիոնարի օգնութեամբ փախած է։ Տատիկս տարիներ շարունակ գերիի կեանքով ապրած է։ Անոր կենդանիներու խարանելու նման խարանած են։ Թուրքերը տատիկս ոչ միայն ձեռքերը, այլ նաեւ՝ ճակատագիրը խարանած են, անոր յիշողութեան մէջ բռնութիւն, ամօթ եւ վախ դաջած են», կ՚ըսէ բեմադրիչը։

«Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք՝ հայկական միութիւններն ու միսիոնարական կազմակերպութիւնները փորձեցին ազատել առեւանգուած կիները։ Յատկապէս դանիացի միսիոնար Քարեն Եփփեն, արաբ ցեղախումբերու ղեկավարներուն հետ համաձայնութիւն գոյացնելով, 2000 կին ազատեց։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ

«Հայ կանանց ապրած մէկ այլ դաժանութիւն էին գերիներու շուկաները։ Այդ մասին կարելի է կարդալ Իվ Թերնոնի՝ Մարտինի ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքին մէջ։

«Հեղինակը կը պատմէ, որ հայ կանանց կ՚աշխատցնէին իբրեւ սեռային յարաբերութեան ստրուկներ։

«Թեռնոնի համոզումով՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1909-էն սկսեալ պաշտօնապէս փակուած ստրուկներու շուկաները, մինչեւ պատերազմի աւարատը հայ կանանց եւ երեխաներու համար կը բացուէին։

«Վաճառողները իրենց «ապրանքէն» կարճ ժամանակի մէջ ձերբազատիլ կ՚ուզէին, այդ պատճառով՝ հայերու գինը շատ ցած էր։ 5-7 տարեկան երեխաները կրնային վաճառուիլ 5-20 ղրուշով, որ հաւասար էր մէկ գառնուկի գինին։ Երիտասարդ աղջիկը կամ 14-15 տարեկան երիտասարդը 2-3 մեժիտիէյով (արծաթ դրամ) գնորդ կը գտնէր։ Գիները կը փոխուէին հայու ընտանիքի ունեցած դիրքին համաձայն։ Այդ կանանց կամ աղջիկներուն տիրացողները ապագային կրնային օրինական ճանապարհով ձեռք բերել անոնց ունեցուածքը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.