Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոսկորները Սուրիայէն փոխադրուած են Եւրոպա եւ օգտագործուած որպէս արտադրական հումք
1997 թուականին, Սիտնի բնակող Եղեռնի վերապրողներէն Մանուէլ Քըրքյաշարեանը, իր մահէն առաջ ձայնագրություն մը արձանագրած է, որուն մէջ կը պատմէ, 1924-1925 տեղի ունեցած դէպքի մը մասին: Ան կը պատմէ, որ 1925-ին, երբ Հալէպի մէջ արհետսագործարանի մը մէջ աշկերտ էր, բեռնատար մը կանգ կ՚առնէ գործարանին մօտ եւ ի յայտ կու գայ, որ բեռնատարին մէջ գտնուող բեռը Տէր Զօրի անապատ քշուած ու սպաննուած հայ գաղթականներու ոսկորներն են։ Եւրոպական արդիւնաբերական ընկերութիւն մը գնած էր այդ ոսկորները եւ Իսկէնտէրունի նաւահանգիստի ճամբով պիտի կատարուէր փոխադրութիւնը։
Այս մասին «T24» լրատուականի իր սիւնյակին մէջ կը գրէ թուրք գրող, հրատարակախօս Պասքըն Օրանը։
Օրան կը գրէ, որ «Նիւ Եորք թայմզ» թերթի Դեկտեմբեր 23, 1914 թուականի թիւին մէջ տեղեկութիւն կայ այն մասին, որ Մարսէյլի նաւահագիստ հասած է «Զան» անգլիական նաւը , որ 400 թոն մարդկային ոսկորներ կը փոխադրէր: Ըստ տեղեկութիւններու՝ բեռը կու գար Մարմարա ծովի Մուտանիա նաւահանգստէն և կը պարունակէր Փոքր Ասիոյ կոտորածներու զոհերու ոսկորները: Նմանատիպ տեղեկութիւն մըն ալ Մարսէյլ հրատարակուող «Միտի» թերթի Դեկտեմբեր 23, 1924 թուականի թիւին մէջ լոյս տեսած է, ուր նշուած է, որ այդ բեռը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հայկական կոտորածներու վայրերէն հաւաքուած են:
Օրանը կ՚եզրակացնէ, որ Մարմարայէն յոյներու, իսկ Սուրիայէն հայերու ոսկորներ Եւրոպա փոխադրուած են։ Փորձելով հասկնալ, թէ արդիւնաբերութեան մէջ մարդու ոսկորներէն ինչ կարելի ստանալ` Օրանը կը դիմէ բժիշկ ընկերոջը, որ կը բացատրէ, թէ այդ ժամանակաշրջանին սոսինձ, ժելաթին, ակնոցի շրջանակ, ինչպէս նաև անասուններու կեր կը պատրաստէին մարդու ոսկորներէն: Այս ոսկորները եւրոպական արտադրող ընկերութիւններու համար աժան գինով «հումք» ծառայած են:
Օրան կը գրէ, որ այդ «ոսկորներու արտադրողները» իթթիհատականներն (երիտթուրքեր) էին, իսկ գնորդերը` եւրոպացիները եւ կը մեջերէ Քըրքյաշարեանի խօսքերը. «Ահա, եւրոպացիները հայերուն որպէս գործիք օգտագործեցին, անոնց կեանքը և ոսկորները անգամ գնեցին և իրենց շահերուն համար օգտագործեցին»: