«110 Տարեկան ՀՕՄ-ը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Հայապահպանման Համար Կատարուած Բոլոր Աշխատանքներուն` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Տարածքին» Կը Յայտնէ Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած «Հայրենիք»-ի խմբագրութեան կողմէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեանի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Յիշատակելի ի՞նչ իրագործում արձանագրուեցաւ այս ժողովին: Եթէ կարելի է` թուել կարեւորութեան կարգով:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Հետաքրքրական եւ զգացական վայրկեաններով լեցուն ժողով մըն էր, որ տեղի ունեցաւ 7-11 հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնրէալ (Քանատա), 21 երկիրներու ներկայացուցիչներով: Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) ներկայութիւն է 27 երկիրներու մէջ, դժբախտաբար կարգ մը երկիրներէ ներկայացուցիչներ չկարողացան մասնակցիլ յարգելի պատճառներով: Ժողովի ընթացքին կարելի եղաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին հետ կապ պահել:
Ժողովին կեդրոնացումը գլխաւորաբար հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին` կեդրոնանալով հայրենի սահմանամերձ գիւղերու յառաջդիմութեան սատարող նոր ծրագիրներու վրայ, վիրաւոր զինուորներու հիմնադրամ ստեղծելու, Հայաստան բնակող միայնակ տարեցներու խնամատարական ծրագիր մը մշակելու, Արցախի վերաբնակեցման ծիրէն ներս` տուն նուիրելու, Ջաւախքի մէջ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի` վերաշինութեան, Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին:
Ժողովի 5 օրերու ընթացքին ամէնէն յիշատակելի դէպքը, որ տեղի ունեցաւ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչներուն օժանդակութեան առաջարկն էր Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան, Օհաննէս Տիարպէքիրեան» հանգստեան տան համար, որ վերջին քանի մը տարիներուն կը դիմագրաւէ նիւթական տագնապալի իրավիճակ տեղւոյն` դրամի արժեզրկումին պատճառով: Ներկաները տեղւոյն վրայ ընդառաջեցին ընկերուհիին խնդրանքին եւ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին հանգանակուեցաւ նախատեսուած 20 հազար տոլարի գումարը: Իսկ Քանատայի մեր միաւորին ջերմ հիւրընկալութիւնը անմոռանալի յիշատակներով լեցուց բոլորիս սրտերը, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք:
Հ.- Յատկապէս սփիւռքի մէջ հետեւողական ներկայութիւն եղած է ՀՕՄ-ը` միշտ ալ գործելով եւ իր ներկայութիւնը փաստելով: Այս գծով, կարելի՞ է վերջին տարիներուն մասին անդրադառնալ, նաեւ` նշել ապագայի ծրագիրները:
Ն. Տ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելս` կ’ուզեմ անդրադառնալ ՀՕՄ-ի ծնունդին մասին` որպէս սփիւռքեան կազմակերպութիւն:
1910 թուականին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, Է. Ակնունիի նախաձեռնութեամբ հիմը դրուեցաւ ամենամեծ համահայկական կանացի միութեան` ՀՕՄ-ին, որպէս նպաստամատոյց կազմակերպութիւն: Ցեղասպանութեան նախօրեակին` ՀՕՄ-ը եկաւ յոյս ներշնչելու տառապեալ հայ ժողովուրդին, ծառայելու եւ պայքարելու հայ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:
110 տարեկան ՀՕՄ-ը իր բարեսիրական գործունէութեան առընթեր, իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայապահպանման համար կատարուած բոլոր աշխատանքներուն` հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:
Սփիւռքի մէջ վերջին տարիներուն կեդրոնացանք սուրիահայութեան տագնապալի իրավիճակին վրայ, եւ պատերազմի առաջին օրերէն ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը իր ներդրումը ունեցաւ` օժանդակելով` պնակ մը տաք ճաշ, տաքուկ բնակարան եւ հովանաւորէ ընտանիքի մը ծրագիրներուն: Այս ժողովը եկաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու նոյն ծրագիրներուն օժանդակութիւնը, առաւել եկաւ հաստատելու Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սուրիահայութեան ծրագիրներուն մասնաւորապէս կ’օժանդակեն ԱՄՆ Արեւելեան եւ Քանատայի շրջանները:
Տարիներու ընթացքին որդեգրուած են զանազան ծրագիրներ եւ յատկացումներ` սփիւռքահայութեան համար, որոնք շարունակելի են.
Ա) «Երեմեան» կրթաթոշակը, որ սկիզբ առած էր 1983-ին, ներկայիս միացնելով այլ ֆոնտերու` կը կրէ «ՀՕՄ-ի կրթաթոշակ» անունը: Կրթաթոշակ կը ստանան համալսարանական ուսանողներ, որոնք իրենց գիտութիւնը համալսարան աւարտելէ ետք ի սպաս կը դնեն մեր գաղութային ու հայրենիքի կարիքներուն:
Բ) «Ամանոր ծրագիր»-ը, որուն ընդմէջէն Ամանորի սեմին յատկացումներ կը կատարենք Լիբանանի «Թռչնոց բոյն»-ին, Հայկական ծերանոցին, Սուրիոյ պատսպարանին ու ծերանոցին, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի երկու ծերանոցներուն, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, որպէսզի տօնական համախմբումներ կազմակերպեն եւ բաշխեն կաղանդի նուէրներ` իրենց խնամքին յանձնուած կարիքաւոր երեխաներուն եւ ծերանոց ապաստանած տարեցներուն:
Գ) Կը հովանաւորենք հինգ «Սօսէ» միօրեայ մանկապարտէզներ` Պուլկարիոյ մէջ:
Հ.- Վերանկախացումէն ի վեր նաեւ գործօն է Հայաստանի ՀՕՄ-ը: Այս գծով յատուկ ծրագիրներ մշակուա՞ծ են: Եթէ կարելի է` բաւական մը մանրամասնել:
Ն. Տ.- Անշուշտ հսկայական ծրագիրներ մշակուած, գործադրուած եւ կամ շարունակելի են Հայաստանի մէջ, տեղին է նշել, որ ՀՕՄ-ի կիզակէտը միշտ եղած է հայրենիքը: Ներկայիս Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ եւ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ սահմանապահ զինուորներուն, հաշմանդամ եւ կարիքաւոր զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն, Հայաստան ապաստանած գաղթական սուրիահայութեան: Նշեմ քանի մը յատկանշական ծրագիրներ, որոնք սկիզբ առին վերանկախացումէն ի վեր:
Որբախնամ ծրագիրը հաստատուեցաւ 1992-ին` Սպիտակի երկրաշարժին եւ արցախեան պատերազմին պատճառով, որբացած մանուկներու խնամատարութեան համար: 2015-ին արդէն որբերու թիւի նուազումը զգալի էր, եւ որոշած էինք հերթականութեամբ դադրեցնել ծրագիրը, սակայն,
ցաւ ի սիրտ, 2016-ին արցախեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով նոր որբացած երեխաներու հովանաւորութեան համար Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս թափ տուաւ այս ծրագրին:
«Ուսանողներու ծրագիր»-ը, որ հաստատուած է 2008-ին, կը հոգայ 18 տարիքը լրացուցած եւ երկրորդական վարժարանը աւարտած որբերու համալսարանական ուսման ծախսին մէկ բաժինը:
1995-ին սկիզբ առաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ բնակող յառաջադէմ եւ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրող ուսանողներուն համար:
1997-ին հիմնուեցաւ «Մօր ու մանկան առողջապահական կեդրոն»-ը Ախուրեանի մէջ, եւ 2005-ին կեդրոնին կից նաեւ հիմնուեցաւ ծննդատուն մը: Շիրակի մարզէն ներս գործող առողջապահական կեդրոններուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄ-ի «Մօր ու մանկան» կեդրոնը եւ լաւագոյն արդիւնքներով արդէն բոլորեց երկու տասնամեակ:
Վերեւ նշուած «Ամանոր ծրագիր»-ի ընդմէջէն նաեւ կ՛օժանդակենք Հայաստանի մէջ գործող մանկատուներուն, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն եւ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն:
ՀՕՄ-ի համաշխարհային ընտանիքին կողմէ 2017-էն սկսեալ կ’օժանդակենք Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական Կեդրոնի նորոգման աշխատանքներուն` յանուն հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան համար իրենց առողջութիւնը զոհաբերած զինուորին լաւագոյն խնամք ապահովելու համար:
2019-ին Շրջանային վարչութեան եւ յանձնախումբին ջանքերով «ՀՕՄ արուեստ»-ը իր դռները բացաւ Չարենցի փողոցի վրայ` որպէս ցուցասրահ-վաճառատուն, ուր կը վաճառուին զանազան տեսակի հայկական ձեռարուեստներ: Միեւնոյն ատեն ձեռարուեստի դասընթացքներ տեղի կ’ունենան, որպէսզի պահպանենք եւ փոխանցենք մեր ազգային աւանդութիւնները:
ՀՕՄ-ը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի անդամ ըլլալով` կը մասնակցինք Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման զանազան ծրագիրներու: 2019-ին բարերար տիկին Մամեանի եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի օժանդակութեամբ կարելի եղաւ Գիւմրիի մէջ 4 բնակարաններ նուիրել կարիքաւոր ընտանիքներու:
Հ.- Արցախի ՀՕՄ-ի մասին կարելի՞ է նոյն ձեւով զեկուցել:
Ն. Տ.- Այո՛, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորը հիմնուեցաւ 1992-ին, ընկերուհիները ամէն գնով օգտակար կը հանդիսանան իրենց շրջապատին` սերտ համագործակցութեամբ պատկան մարմիններուն հետ: Արցախի մեր ընկերուհիները նոյնպէս կը հոգան սահմանապահ զինուորներուն` իրենց յաճախակի այցելութեամբ եւ մթերքներով:
Արցախի մէջ ունինք «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ սկիզբ առաւ, երբ Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութիւնը ՀՕՄ-ին նուիրեց կիսաքանդ շէնք մը, որ նորոգուելէ ետք իր դռները բացաւ 3-6 տարեկան 87 աշակերտներու դիմաց, ապրիլ 1998-ին: Մինչեւ 2009 թուական մանկապարտէզներու ցանցը հասաւ 12-ի, 2010-ին 4 մանկապարտէզներ յանձնուեցան Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութեան: Ներկայիս ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ բարերարներ կը հովանաւորեն 8 մանկապարտէզներ` Ստեփանակերտ, Մեծ Թաղեր, Տող, Աշան , Ականաբերդ, Շուշի, Քարեքահ եւ Խնձրիստան, ուր 400 երեխաներ կրթութիւն կը ստանան եւ 73 ընտանիքներու համար աշխատանքի աղբիւր է:
Ստեփանակերտի մանկապարտէզի շէնքը նորոգութեան կը կարօտէր. ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ջանքերով վերակառուցուեցաւ արդիական մանկապարտէզի նոր շէնք մը` նոյն հողաշերտին վրայ: 6 սեպտեմբեր, 2017-ին Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր միաւորներու, անհատ բարերարներու օժանդակութեամբ: Որպէս նոր ծրագիր` 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը վաւերացուց, որ շէնքին 3-րդ յարկը օգտագործուի որպէս արտադպրոցական զբօսավայր, նոր սարքաւորումներով:
Հ.- Ընդհանրապէս նորաստեղծ մասնաճիւղեր որեւէ մանրամասնութիւններ կարելի՞ է տալ:
Ն. Տ.- Սուրիոյ քաղաքական տագնապը պատճառ դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս գաղթէ եւ բնակութիւն հաստատէ այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս` եւրոպական քաղաքներու մէջ, այս մէկը պատճառ դարձաւ հայութիւնը համախմբելու եւ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու մեր աշխատանքներուն: Անցնող քառամեակին Կեդրոնական վարչութիւնը ընդառաջեց Շուէտի գաղութներուն մէջ բնակութիւն հաստատած անհատներու դիմումին եւ յուլիս 2018-ին հիմը դրաւ Հոլանտայի Արմելօ եւ սեպտեմբեր 2018-ին Սոտըրթելիի մեկուսի մասնաճիւղերուն:
Հ.- Ջաւախքի վերաբերեալ յիշատակելի իրագործումներ կա՞ն, մանաւանդ որ կը տեղեկանանք, թէ Թիֆլիս միշտ ալ դժուարութիւն կը յարուցէ:
Ն. Տ.- Այո՛, Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան առնչութեամբ դժուարութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունինք, սակայն ծրագիրները կը շարունակուին բնականոն կերպով: Ախալքալաքի կեդրոնին կից հողաշերտը մեր սեփականութիւնը դարձաւ: Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն յատկապէս կը քաջալերենք: ՀՕՄ-ի Համահայկական 72-րդ պատգամաւորական ժողովը եկաւ կրկին անգամ հաստատելու ջաւախահայութեան ծրագիրները.- հայոց պատմութեան մրցոյթներ, բազմազաւակ ընտանիքներ եւ հաւաքական մկրտութիւն:
Ապագայի համար ժողովը որդեգրեց Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերաշինութեան ծրագիրի օժանդակում:
Կասկածէ վեր է, որ Ջաւախքը մեր հայրենիքի անբաժան մէկ մասնիկն է եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է հոգալ ու խնամել, օժանդակել անոր բարօրութեան աշխատանքներուն, որպէսզի կարենանք բարեկեցիկ կեանք ապահովել ջաւախահայութեան: Օժանդակել ջաւախահայութեան` կը նշանակէ զօրավիգ կանգնիլ ջաւախահայութեան հայրենի հողին կապուած իրենց հզօր կամքին, Ջաւախքը հայ պահելու անոնց պատրաստակամութեան, կը նշանակէ` կանխել արտագաղթ, պահպանել պատմական Հայաստանի հիւսիսը, երաշխաւորել այսօրուան Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ, մանաւանդ, ապահովել ապագայի միացեալ հայրենիքի տեսլականը:
Հ.- Ներքին սփիւռք, այսինքն` նախկին Խորհրդային Միութիւն® Այս լայնատարած եւ հետզհետէ աճող գաղութներուն մէջ գործունէութիւն կա՞յ: Եթէ կարելի` է յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ:
Ն. Տ.- ՀՕՄ-ի առաքելութիւններէն մէկն է հայապահպանումը: Երբ կ’անդրադառնանք ներքին սփիւռքի մասին, հոն շատ աւելի կարիքը կը զգանք հայապահպանման աշխատանքներուն: Կ’ուզեմ անդրադառնալ Պուլկարիոյ հայ գաղութին, թէեւ Պուլկարիոյ միջ ունինք 5 մասնաճիւղեր` մօտաւորապէս 350 անդամներով եւ ՀՕՄ-ի միօրեայ 5 մանկապարտէզներ` Փլովտիւ, Ռուսէ, Պուրկաս, Վառնա եւ Սոֆիա քաղաքներուն մէջ, որոնք կը հովանաւորուին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նիւթական յատկացումներով:
Մօտէն կը հետեւինք վերաշխուժացնելու Մոսկուայի միաւորը, իսկ ներկայիս կ’ուսումնասիրենք Ռուսիոյ` Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին եւ Ռումանիոյ մէջ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու կարելիութիւնը:
Հ.- ՄԱԿ-էն ներս ի ՀՕՄ-ի ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ:
Ն. Տ.- ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր աշխատանքները ՄԱԿ-էն ներս` մասնակցելով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ժողովներուն եւ աշխատանիստերուն, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին ՀՕՄ-ի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն հետ: ՀՕՄ-ի` ՄԱԿ-ի յանձնախումբը մշտական եւ գործուն ներկայութիւն է ՄԱԿ-էն ներս:
Սերտ համագործակցութեամբ ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան, կը մասնակցինք ՄԱԿ-ի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովներուն:
ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Econimic and Social Council of the United Nations (ECOSOC)
Ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Commission for Social Development (CSocD)
Կանանց իրավիճակի յանձնաժողով / Commission on the Status of Women (CSW)
ՄԱԿ-ի Կին / UN Women
Փեքին 2020 / Beijing 2020
Կ’ուզեմ այստեղ շեշտել, որ անցնող քառամեակին կարելի եղաւ բարելաւել ՄԱԿ-ի մեր Վարժողական ծրագիրը եւ արդէն իսկ 10 հայ ուսանողներ մօտակայ շրջաններէն մաս կազմեցին այս ծրագրին:
Հ.- Եզրակացնելու համար, ապագայի վերաբերեալ յատուկ ծրագիրներ ու առաջարկներ կա՞ն:
Ն. Տ.- Այո՛, Պատգամաւորական ժողովը 49 բանաձեւերու վրայ կեդրոնացաւ, անոնցմէ կ՛ուզեմ նշել քանի մը հատը.
110-ամեակ
2020 թուականը կը բոլորէ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը: Որպէս մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն` հաստատ համոզումով կը շարունակենք հայապահպանման սրբազան մեր առաքելութիւնը: ՀՕՄ-ը միակ հայ կանացի կազմակերպութիւնն է, որ 110 տարիներ վառ պահեց հայ կնոջ արժանիքները: 110-ամեակը առիթ մըն է, որ արժանավայել ձեւով տօնակատարենք մեր կազմակերպութեան նուաճումները եւ վերանորոգենք մեր ուխտը: Ուստի ծրագրած ենք ձեռնարկներու շարք մը` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, օգոստոս 30 – 10 սեպտեմբեր, 2020-ին:
Դրամահաւաք
Անհերքելի իրականութիւն է, որ միայն բարոյական աշխատանքով կարելի չէ յաջողութիւն արձանագրել: Որպէսզի աւելի հեշտութեամբ կարենանք ՀՕՄ-ի բազմածաւալ աշխատանքը շարունակել, մեր ծրագրումներու շարքին է դրամահաւաք` ուռճացնելու համար ՀՕՄ-ի հիմնադրամը եւ սատարելու վերոյիշեալ նշուած ծրագիրներուն:
Երիտասարդներու ներգրաւում
Առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ երիտասարդներու ներգրաւումը ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս, ընթացքի մէջ են հանդիպումներ մասնագէտ անձերու հետ, որոնք հիմնական աշխատանք պիտի տանին` Կեդրոնական վարչութեան տուեալներուն վրայ հիմնուելով: Այս ծրագրումներու շարքին է նաեւ երիտասարդներու համար համագումարներ կազմակերպել:
Ընկերային Համացանց / PR
ա) ՀՕՄ-ի կայքէջը արդիական ձեւով բարելաւուած է, շաբաթական դրութեամբ կու տայ ընդհանուր տեղեկութիւններ` մեր գործունէութեան մասին, առաւել` կարելիութիւնը ունինք նուիրատուութիւններ ընդունելու:
Website: www.ARS1910.org
բ) Հոկտեմբեր 2019-ին կարելի եղաւ տեղադրել ՀՕՄ-ի Գործունէութեան քարտէսը, որ կը բնութագրէ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ծրագիրները եւ աշխատանքները:
գ) «Հայ Սիրտ»-ը, որ ՀՕՄ-ի միակ օրկանն է եւ մեծ ներդրում ունեցած` ՀՕՄ-ը ծանօթացնելու մեր ժողովուրդին, միեւնոյն ժամանակ սատարած է հայ կնոջ զարգացման, աւելի թափ պիտի տանք անոր յաճախակիօրէն հրատարակութեան` օգտագործելով արդի ելեկտրոնային տարբերակը: Առաւել` աշխատանք կը տանինք «Հայ Սիրտ»-ի ընդհանուր հատորներու թուայնացման: Նաեւ պիտի սկսինք մնայուն ծրագիրներու արխիւներու թուայնացումը: