Դաւիթ Բաբայեան Կը Վերահաստատէ Սուրիահայերուն Օժանդակելու Ղարաբաղի Պատրաստակամութիւնը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– «Արցախի Հանրապետութիւնը կողմ է սիրիական խնդրի խաղաղ կարգաւորմանը, սակայն իրադարձութիւնների անցանկալի զարգացման դէպքում կ՛անի հնարաւորը՝ սիրիահայերին՝ ուժերի  ներածին չափով օժանդակելու համար», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը։ Ան անդրադարձած է այն խօսակցութիւններուն, որոնց համաձայն, Սուրիոյ վրայ ամերիկեան հաւանական յարձակման պարագային կրնայ սուրիահայ գաղթականներուն հոսքը աւելնալ, ուստի պետութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ այս մէկուն։
Բաբայեան նշած է, որ իրենք կողմ են խնդիրի խաղաղ կարգաւորման, քանի որ Սուրիոյ մէջ եւս հայկական մեծ համայնք կայ: «Բացի դրանից, ահագին մարդիկ ստիպուած թողել են իրենց տները եւ մենք չենք ուզում, որ Սիրիան վերջնականապէս զրկուի հայ բնակչութիւնից: Դրա համար կարծում ենք, որ ամէնից ընդունելի տարբերակը խաղաղ ճանապարհով հարցերի կարգաւորումն է», յայտնած է Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ դէպքերու վատթարացման պարագային Արցախը պիտի օժանդակէ սուրիահայերուն: «Իսկ եթէ վատ սցենարով զարգանայ, ի հարկէ, կը տեսնենք, ինչով կը կարողանանք, այնքանով էլ կ՛օգնենք, բնականաբար պարտաւոր ենք մեր հայրենակիցներին օգնել», յայտնած է Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.